Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Աւելի Քան 50 Ղեկավարներու Մասնակցութեամբ`. Փարիզի Մէջ Ֆրանսացիներու Միասնականութեան Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատմական Քայլարշաւ

Յունուար 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

011115Paris17 զոհ պատճառած եռօրեայ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, աւելի քան 2,5 միլիոն ֆրանսացիներ երէկ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ մասնակցեցան միասնականութեան քայլարշաւի մը: Քայլարշաւին մասնակցեցան աշխարհի աւելի քան 50 ղեկավարներ, որոնք քալեցին թեւ թեւի անցած` իբրեւ միասնականութեան ցուցանիշ: Քայլարշաւին մասնակից օտար ղեկավարներուն շարքին էին Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ վարչապետները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Ժըպրան Պասիլ եւ Էդուարդ Նալբանդեան:

Քայլարշաւը ընթացք առաւ Փլաս տը լա Ռեփիւպլիքէն, ապահովական պատճառներով երկուքի բաժնուեցաւ, ապա վերամիացաւ աւարտին` Փլաս տը լա Նասիոնի մէջ:

Մասնակիցները բացագանչեցին «Ազատութիւն» եւ «Շարլի», ոմանք Ֆրանսայի դրօշը բարձրացուցած էին, իսկ ուրիշներ մեծ մատիտ մը, որուն կողքին գրուած էր. «Չեմ վախնար»: «Ես Շարլին եմ» կարգախօսը տիրական էր:

Փարիզի քայլարշաւին զօրակցական քայլարշաւներ տեղի ունեցան Լոնտոնի, Մատրիտի, Գահիրէի, Սիտնիի, Թոքիոյի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ ֆրանսախօս տարբեր քաղաքներու մէջ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ քայլարշաւէն առաջ յայտարարեց, որ «Փարիզը այսօր աշխարհի մայրաքաղաքն է»` աւելցնելով. «Ամբողջ երկիրը ոտքի պիտի կանգնի»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ ահաբեկիչներուն իսկական կրօնը իսլամութիւնը չէ. անոնց միակ կրօնը բարբարոսութիւնն է` աւելցնելով, որ անոնք կրօնը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործեն:

Ֆապիւս ընդգծեց, որ Ֆրանսան ազատութեանց երկիրն է, որ անոնց համար կը պայքարի` նշելով, որ վերջին ահաբեկչական իրադարձութիւնները միշտ պիտի յիշուին:

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն յայտնեց. «Ծայրայեղականներուն ներկայացուցած վտանգը յառաջիկայ բազմաթիւ տարիներու ընթացքին պիտի մնայ մեզի հետ»:

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տէ Մեզիեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է իսլամական կրօնին եւ քաղաքական իսլամութեան միջեւ տարբերակում մը դնել: Ան ըսաւ, որ պէտք է տարբերակում մը դնել իրենց ոճիրներն ու սպանութիւնները կրօնով արդարացնող եւ անիրաւութեան կոչ ուղղող իսլամականներուն եւ Գերմանիոյ մէջ բնակող իսլամներուն միջեւ, որոնք իրենց հաւատքը կ՛ապրին յարգելով երկրին սահմանադրութիւնը` աւելցնելով, որ վերջիններս ահաբեկչութեան հետ որեւէ կապ չունին:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազոնով յայտնեց. «Այսօր ամբողջ Ֆրանսան սուգի մէջ է»: «Ֆրանսան իր արժէքները ունի, եւ ահաբեկիչները որոշեցին այդ արժէքներուն դէմ յարձակում գործել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ոստիկանական ուժերը եւս մեծ հարուածի ենթակայ դարձան, եւ բնական էր, որ այսօր զանոնք ողջունենք»:

«Ահաբեկչութեան երեւոյթը մեզ բոլորս կը հարուածէ եւ երկիրներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ», նշեց ան: Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ «ահաբեկչութիւնը միջազգային եւ եւրոպական երեւոյթ դարձաւ»` աւելցնելով. «Աշխատանք պիտի տանինք Շենկենի համաձայնութիւնը բարեփոխելու` սահմանին վրայ հսկողութեան միջոցառումներ հաստատելու համար»:

Ան յայտնեց, որ վերջին դէպքերէն պէտք է դասեր քաղել, եւ «ահաբեկչութեան դէմ պիտի պայքարինք նոր ռազմավարութեամբ մը, որ անվտանգութիւն կը հաստատէ»` աւելցնելով. «Օտար ահաբեկիչ զինեալներուն եւ անոնց պատկանած կազմակերպութեանց դէմ պայքարիլը առաջնահերթութիւններէն մէկը կը նկատուի»:

Սպանացիները Կ՛առաջարկեն Շենկենի Գօտիին Մէջ
Սահմանային Հսկողութիւն Հաստատել

Սպանիոյ ներքին գործոց նախարար Խորխէ Ֆեռնանտես Տիաս սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին մէջ երէկ լոյս տեսած հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարեց, որ Սպանիոյ կառավարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ սահմանային հսկողութիւն հաստատել երկիրներու միջեւ` փոխելով Շենկենի համաձայնագիրը:

«Մենք պիտի արտայայտուինք սահմանային հսկողութիւն սահմանելու օգտին, եւ հաւանական է, որ այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ ըլլայ փոփոխութիւններ կատարել Շենկենի համաձայնագիրին մէջ», նշեց ան:

Նախարարը ընդգծեց, որ խօսքը չի վերաբերիր ընդհանուր հսկողութեան, ինչ որ կը նշանակէ, որ ազատ տեղաշարժի իրաւունքը ընդհանուր առմամբ պիտի պահպանուի: Ըստ Տիասի, ստուգումը պիտի կատարուի այն պարագային, երբ կայ «հիմնաւորուած վտանգ կամ կասկած, որ անոնք կրնան ահաբեկիչներ ըլլալ»:

Իտալիոյ մէջ միեւնոյն ժամանակ կը կարծեն, որ Եւրոպայի մէջ ահաբեկչական վտանգի աճին առնչութեամբ Շենկենի համաձայնագիրի գործողութեան դադրեցումը սխալ պիտի ըլլայ: Այդ մասին իտալական «Սքայ ԹիՃէյ24» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլիոնին:

«Շենկենը մեզի կ՛երաշխաւորէ տեղաշարժման ազատութիւն, եւ եթէ քանի մը տասնեակ ահաբեկիչներու պատճառով մենք հրաժարինք այդ ազատութենէն, մենք անոնց մեծ նուէր մը պիտի մատուցենք», յայտնած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Եւրոպական
Միութեան Մէջ Նոր Ահաբեկչութիւններու Նկատմամբ
Մտավախութիւններ Ունին

Գերմանական «Պիլտ ամ Սոննթակ» թերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութիւններէն իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ կրնան տեղի ունենալ ահաբեկչական նոր արարքներ:

Թերթը կը պնդէ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները կրցած են գաղտնալսել ՏԱՀԵՇ-ի ներկայացուցիչներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, որոնց մէջ վերջիններս խօսած են այն մասին, որ Ֆրանսայի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները «Եւրոպայի մէջ ահաբեկչութեան ալիքի սկիզբն են միայն»:

«Պիլտ ամ Սոննթակ» կը գրէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններէն յայտնի դարձած է նաեւ, որ իսլամականները կրնան Եւրոպա մուտք գործել իրենք զիրենք իբրեւ տեղահանուած ներկայացնելով:

Թերթը կը նշէ, որ բրիտանական հետախուզութիւնը իր կարգին զգուշացուցած է եւրոպացի գործընկերները` օդային փոխադրամիջոցներու մէջ ահաբեկչութեան վտանգին մասին:

«Պիլտ ամ Սոննթակ» կ՛աւելցնէ, որ եւրոպական գաղտնի սպասարկութիւնները այս առնչութեամբ շօշափելի տեղեկութիւններ չունին:

Տաւութօղլու. «Փարիզի Ցոյցին Թուրքիոյ Մասնակցութիւնը
Իսլամներուն Կողմէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պատգամ Մըն Է»

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իր երկրին «հանրապետութիւնը ընդդէմ ահաբեկչութեան» քայլարշաւին մասնակցութիւնը իսլամներուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պատգամ մըն է, ինչպէս նաեւ վերջին իրադարձութիւնները իսլամներուն դէմ արշաւի մը ձեռնարկելու գծով շահագործման որեւէ փորձի դէմ ուժեղ պատգամ մըն է:

Ան նշեց, որ իր երկիրը ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ յստակ կեցուածք որդեգրած է եւ անոր դէմ ուժեղ զօրակցութիւն ցուցաբերած, եւ Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքացիներ ահաբեկչութեան զոհ դարձած են:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը կրօնական կամ ցեղային ինքնութիւն չունի, այլ` մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, ո՛վ ալ ըլլայ զայն գործողը եւ ի՛նչ ալ ըլլան անոր դրդապատճառները:

Թուրքիոյ վարչապետը նշեց, որ վերջին իրադարձութիւններէն ետք կասկածեալ կնկայ մը հետապնդման հարցին մէջ թրքական եւ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ թրքական կողմը ֆրանսական կողմէն իր ստացած տեղեկութիւնները կը բաղդատէ իր մօտ գտնուող տեղեկութեանց հետ:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Էրիք Հոլտըր յայտարարեց, որ իր երկիրը 18 փետրուարին պիտի հիւրընկալէ վեհաժողով մը` Փարիզի մէջ յարձակումներուն լոյսին տակ քննարկելու համար աշխարհի վրայ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու կարելիութիւնները` նշելով, որ վեհաժողովը պիտի գումարուի Ուաշինկթընի մէջ եւ անոր նպատակը պիտի ըլլայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ կարողականութեանց միաւորումը:

Միւս կողմէ, գերմանական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ «Համպուրկըր Մորկընփոսթ» օրաթերթի խմբագրատունը երէկ առաւօտեան հրավառ ռումբով յարձակումի ենթարկուած է: Խմբագրատան երկու գրասենեակներ վնասներ կրած են, սակայն կարելի եղած է հրդեհը անմիջապէս մարել: Մարդկային վնասներ չկան: Երկու կասկածեալներ ձերբակալուած են:

Օրաթերթը «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթէն Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներ վերահրատարակած էր: Գերմանական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է յարձակումը ծաղրանկարներուն վերահրատարակման կապելը:

Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, երէկ պելճիքական օրաթերթի մը աշխատակազմը խմբագրատունէն հեռացուած է: Օրաթերթը «Շարլի Էպտօ»-ի` Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարը վերահրատարակելու պատճառով սպառնալիքներ ստացած է:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց կասկածելի համախմբումներէն հեռու մնալու եւ վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ վիճաբանելէ զգուշանալու:

 

 

Նախորդը

Մարաշի Հայրենակցական Միութեան «Գերմանիկ Կեդրոն»-ի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Յաջորդը

Քուէյթի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Հասնի Պէյրութ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In