Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավար Շրջան Մը Չենք Ուզեր»

January 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էրտողան
Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Թուրքիա Սուրիոյ մէջ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցողին նման քրտական ինքնավար շրջան մը չ՛ուզեր»: «Իրաքի կացութեան կրկնութիւնը չենք ուզեր, ոչ ալ հիմա կրնանք ընդունիլ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ նման երեւոյթի մը յառաջացումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է այս հարցին մէջ մեր կեցուածքը պահպանենք, այլապէս հիւսիսային Իրաքին նման հիւսիսային Սուրիա ալ պիտի ըլլայ, եւ այդ գոյացութիւնը ապագային մեծ հարցերու աղբիւր պիտի ըլլայ»:

Անդրադառնալով Արաբ Բունար քաղաքին, ուրկէ քիւրտ զինեալները վերջերս վտարեցին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, Էրտողան ըսաւ, որ չի հասկնար, թէ ինչո՛ւ անիկա այդքան կարեւոր է եւ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ, օրինակ, չեն զբաղիր Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակով:

«Արաբ Բունարի մէջ բնակչութիւն չկայ: 200 հազար մարդ արդէն մեր մօտ տեղափոխուած է: Այնտեղ են միայն կռուողները: Մենք Օպամային ըսինք, որ այնտեղ բեռներ չնետեն: Դժբախտաբար, երեք օդանաւ այնտեղ նետեցին այն, ինչ որ անհրաժեշտ էր: Եւ այդ բեռներուն կէսը ինկաւ ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը: Իսկ այժմ ո՞վ կը զինէ զինեալները», ըսաւ Էրտողան:

Նշենք, որ Փենթակոնի բանբեր գնդ. Սթիւ Ուորըն յայտարարեց, որ «Հակառակ Արաբ Բունարի մէջ անոր կրած պարտութեան` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւը չէ աւարտած»` նշելով. «Կարելի չէ ըսել, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւը յաղթանակով աւարտեցաւ: Կռիւը կը շարունակուի, սակայն Միացեալ Նահանգներու դաշնակից ուժերը դէպի յաղթանակ կ՛ուղղուին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի իր կարգին նշեց. «Արաբ Բունարը տակաւին վիճելի տարածք է»` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի հակադրուած ուժերը Արաբ Բունարի եւ անոր մօտ գտնուող տարածքներուն 70 առ հարիւրին կը տիրեն, սակայն «կարելի է հաստատ կերպով ըսել, որ քրտական ուժերու յառաջխաղացք գոյութիւն ունի»:

Թուրքիոյ Վարած Քաղաքականութեան
Նպատակը Ասատի Տապալումն Է

Էրտողան նաեւ յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ մեր քաղաքականութիւնը յայտնի է, եւ մենք չենք պատրաստուիր խաղալու անոր հետ: Մեր նպատակը Սուրիոյ մէջ գործող վարչակարգին տապալումն է»:

Ըստ անոր, կան երեք բաներ, որոնք պէտք է ընել եւ որոնց մասին ինք ըսած է Օպամային` թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծում, սուրիական զինեալ ընդդիմութեան մարզում եւ զինում: Միացեալ Նահանգներ վերջինով կը զբաղին, սակայն մնացեալներով` ոչ:

Էրտողան ընդգծած է, որ Ասատի կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն թիրախը չէ, «սակայն առանց ատոր խնդիրի լուծում չըլլար: Ամէն ինչ այնպէս կ՛ըլլայ, ինչպէս Իրաքի մէջ: Մենք չենք ուզեր, որ ատիկա կրկնուի: Ձեւաւորուեցաւ հիւսիսային Իրաք, եւ մենք չենք ուզեր հիւսիսային Սուրիա, ատիկա անընդունելի է մեզի համար»:

Թուրքիա Կրակոցներու Պատճառով
Փակած Է Անցակէտ Մը

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները փակած են Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Ճիլվեկէօզիւ անցակէտը` Սուրիոյ կողմէն արձակուած կրակոցներու պատճառով: Կրակոցները արձակուած են սահմանի սուրիական կողմին` Պապ Հաուայի անցակէտէն:

Կրակոցներու ձայները լսուած են երկուշաբթի կէսօրին, այն վայրին մէջ, ուր թրքական բեռնատարները իրենց բեռները կը տեղափոխէին սուրիական բեռնատարներուն մէջ:

Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն թրքական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ սահմանային անցքը փակուած է:

Նախորդը

Միջազգային Ղեկավարներ Մասնակցեցան Օշուիցի Ազատագրութեան 70-Ամեակին

Յաջորդը

Սուրիայէն Արձակուած Երկու Հրթիռներ Ինկան Բռնագրաւուած Կոլանի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.