Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստանի Մէջ. Սիրիզա Եւ Անկախ Աջակողմեանները Համախոհական Կառավարութիւն Կազմեցին

Յունուար 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12615_GreeceԾայրայեղ ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութիւնը, որ կիրակի օր Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց, աջակողմեան «Յոյն անկախներ» կուսակցութեան հետ տնտեսական սեղմումներու դէմ կառավարութիւն մը կազմեց: Սիրիզայի ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ կատարեց երկրի վարչապետի երդումը: Ան կիրակի օր իր համակիրներուն առջեւ արտասանուած խօսքի մը ընթացքին ըսաւ, որ կ՛ուզէ Յունաստանի պարտքին կէսը ջնջել, պատրաստ է ընդունելի լուծումի մը շուրջ բանակցելու եւ կ՛ուզէ, որ երկիրը մնայ Եւրոյի գօտիին մէջ:

Եւրոյի գօտիի անդամ երկիրներու խմբակի ատենապետ Երոյեն Տիյսելպլէօմ լրագրողներուն ըսաւ. «Եւրոպայի մէջ ջնջումի մը նկատմամբ շատ քիչ զօրակցութիւն կայ: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ եթէ Եւրոյի գօտիին մէջ կը մնաս, կառչած կը մնաս մեր ունեցած օրէնքներուն»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի բանբերը յայտնեց, որ Յունաստան պէտք է նախապէս ստանձնած իր յանձնառութիւնները յարգէ: Պելճիքայի ելեւմուտքի նախարար Եոհան Վան Օվերթվելտ իր կարգին ըսաւ, որ Յունաստան «պէտք է յարգէ արժոյթի միութեան օրէնքները»` թէեւ աւելցուց, որ որոշ ճկունութեան կարելիութիւն գոյութիւն ունի: Բրիտանիոյ ելեւմուտքի նախարար Ճորճ Օզպըրն ըսաւ, որ Սիրիզայի խոստումները յարգելը շատ դժուար պիտի ըլլայ եւ անոնք Եւրոյի գօտիի ներկայ պահանջներուն համահունչ չեն: Իտալիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Սանտրօ Կոծի աւելի դրական կեցուածք մը արտայայտելով խօսեցաւ «նոր աճ ու ներդրում ստեղծելու եւ անգործութեան դէմ պայքարելու համար` Եւրոպայի մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու նոր առիթներու» մասին:

Կիրակի օր տեղի ունեցած ընտրութեան գրեթէ ամբողջական պատկերին համաձայն, Սիրիզա 300 աթոռներէ բաղկացած յունական խորհրդարանին մէջ պիտի ապահովէ 149 աթոռ, ինչ որ երկու աթոռով նուազ է, քան բացարձակ մեծամասնութիւնը, իսկ «Յոյն անկախներ» կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 13 աթոռ:»:

 

 

Նախորդը

Ասատ Պատրաստ Է Աջակցելու Հալէպի Մէջ «Սառեցուած Գօտի»-ի Ստեղծման

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?