Երէկ կէս գիշերէն ետք Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը կնքեց իր մահկանացուն` 91 տարեկանին:
Սէուտական Արաբիոյ պատկերասփիւռի կայանները ընդհատեցին իրենց յայտագիրները եւ սկսան սփռել քորանէն հատուածներ:
Ապտալլա թագաւորին մահուան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր նշանակուեցաւ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը, իսկ գահաժառանգ` Մուքրեն Պըն Ապտել Ազիզ իշխանը: