Ըստ Լա Հէյի Դատարանի Վճիռին. Ո՛չ Սերպիան, Ո՛չ Ալ Խրուաթիան Ցեղասպանութիւն Գործած Են
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճռած է, որ ո՛չ Սերպիան, ո՛չ ալ Խրուաթիան Եուկոսլաւիոյ կազմէն դուրս գալու պատճառով սկսած խրուաթական պատերազմին ընթացքին իրարու դէմ ցեղասպանութիւն գործած են: Խրուաթիոյ կառավարութիւնը կը պնդէ, որ Սերպիան 1991-ին ցեղասպանութիւն գործած է Վուքովար քաղաքին եւ այլ վայրերու մէջ: Սերպիա աւելի ուշ հակադարձելով հայց ներկայացուցած է Խրուաթիայէն աւելի քան 200 հազար սերպերու...




















