Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Ուաշինկթըն Այլեւս Չի Ձգտիր Արագ Տապալել Ասատը

Յունուար 23, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12015_NYTimes«Նիւ Եորք Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կ՛ընկալեն իբրեւ խոչընդոտ ծայրայեղականներուն համար, որոնք կը փորձեն երկրին մէջ գրաւել իշխանութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներու կողմէ դիւանագիտական երկու նախաձեռնութիւններուն օգնութիւնը հասկցնել կու տայ, որ անոնց հայեացքները քաղաքացիական պատերազմը աւարտելու առնչութեամբ փոխուած են, իսկ Արեւմուտքը, մեծ ուշադրութիւն չդարձնելով ատոր, հրաժարած է Պաշշար Ասատի անյապաղ հրաժարականը պահանջելէ», կ՛ըսուի թերթի յօդուածին մէջ:

Օրաթերթը կը բացատրէ, որ նախաձեռնութիւններէն մէկը ընթացիկ ամսուան վերջաւորութեան Մոսկուայի մէջ միջսուրիական խորհրդակցութիւններ կատարելու մասին Ռուսիոյ առաջարկն է: Երկրորդը` Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի ցանկութիւնն է` շարունակելու բանակցութիւնները Դամասկոսի մէջ` Հալէպ քաղաքին մէջ զինադադարի հասնելու համար: Ատկէ մեկնելով` դիւանագէտը մտադիր է սկսիլ տագնապին «սառեցումը» Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ:

Ամերիկացի Դիւանագէտ. «2016-ին
Սուրիոյ Տագնապին Հարցով
Նոր Ռազմավարութիւն Պիտի Կիրարկուի»

Մեկնաբանելով սուրիական ընդդիմադիր ուժեր մարզելու համար 400 զինուորներ ուղարկելու ամերիկեան կառավարութեան անցեալ շաբաթ հրապարակուած որոշումը` ամերիկացի դիւանագէտ մը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ փակ նիստի մը ընթացքին յայտնեց, որ ամերիկեան ներկայ վարչակազմը Սուրիոյ տագնապին եւ Ասատի պաշտօնէ հեռացման շուրջ իր դաշնակիցներուն հետ արմատական լուծումի չէ հասած:

Ան նշեց, որ 2016-ին Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի մը հետ աշխատանքի սկսելիք նոր վարչակազմը պիտի սկսի տագնապին վերջ տալու աշխատանքին եւ Ասատը տարբեր միջոցներով իշխանութենէ հեռացնելու աշխատանքին պիտի սկսի անմիջապէս, որ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահը իշխանութիւնը ստանձնէ:

Ամերիկացի դիւանագէտը նշեց, որ յաջորդ նախագահի նստաշրջանին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախատեսուած քաղաքականութեան ռազմավարութիւնը այս է, եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի կարենայ Ասատը իշխանութենէ հեռացնել եւ երկխօսութիւն պիտի կատարէ սուրիական վարչակարգին հետ, զոր դժբախտաբար չի կրնար ջնջել:

Ան նշեց, որ այս ռազմավարութիւնը պիտի գործադրուի Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահին օրով, ով որ ալ ըլլայ նախագահը` հանրապետական թէ դեմոկրատական:

 

 

Նախորդը

Եմէնի Նախագահը Իր Հրաժարականը Ներկայացուց

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Թագաւորը Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?