Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Ղեկավարներ Մասնակցեցան Օշուիցի Ազատագրութեան 70-Ամեակին

January 28, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

12715_AuschwitzՕշուիցի համակեդրոնացման ճամբարէն վերապրած շուրջ 300 անձեր երէկ այդտեղ վերադարձան նշելու համար Կարմիր բանակին կողմէ ճամբարի ազատագրութեան 70-ամեակը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս առիթով հրապարակեց Օշուիցի ազատագրութեան վերաբերեալ արխիւային փաստաթուղթեր:

Վերապրողներուն կողքին ոգեկոչման արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կոք, Հոլլանտայի թագաւոր Վիլլեմ Ալեքսանտր, Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքի: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 70-ամեակի նշման եւ Ուքրանիոյ ճգնաժամին շուրջ Լեհաստանի հետ բանավէճին պատճառով ներկայ չգտնուեցաւ արարողութեան` փոխարէնը Ռուսիոյ գլխաւոր ռաբբի Պերել Լազարի կողքին Մոսկուայի Հրէական թանգարանին մէջ մասնակցելով յիշատակման ձեռնարկի մը:

Նախքան Փարիզէն մեկնիլը, Հոլլանտ դատապարտեց արդի հակասեմականութեան «անհանդուրժելի» խնդիրը` Ողջակիզման յիշատակման ձեռնարկի մը ընթացքին հրեաներուն ըսելով. «Ֆրանսան ձեր հայրենիքն է»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել 70-ամեակի նախօրեակին յայտնեց, որ «ամօթալի» է, որ հրեաներ անարգանքի, սպառնալիքի եւ բռնարարքներու կ՛ենթարկուին: Ան Պերլինի մէջ նոյն առիթով ձեռնարկի մը ընթացքին ըսաւ, որ «պէտք է հակասեմականութեան եւ բոլոր ցեղապաշտութիւններուն դէմ անոնց սկզբնաւորութեան պայքարինք»` աւելցնելով. «Պէտք է շարունակ պատրաստ ըլլանք պաշտպանելու մեր ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի իշխանութիւնը»:

Նախորդը

Թուրքիա Յունաստանի Նոր Կառավարութեան Պիտի Առաջարկէ Վերսկսիլ Կիպրոսի Խնդիրին Շուրջ Բանակցութիւնները

Յաջորդը

Էրտողան. «Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավար Շրջան Մը Չենք Ուզեր»

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային  Արկածը Զոհեր Պատճառեց
Միջազգային

Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային Արկածը Զոհեր Պատճառեց

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.