Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սորոս Ալիեւին Կոչ Ուղղած Է Դադրեցնելու Քաղաքացիական Հասարակութեան Վրայ Ճնշումը

January 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սորոս եւ Ալիեւ
Սորոս եւ Ալիեւ

Ազրպէյճանական Kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 22 յունուարին Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է յայտնի ելեւմտագէտ Ճորճ Սորոսի հետ, որ անոր կոչ ուղղած է դադրեցնելու Ազրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան վրայ ճնշումը:

Կայքը կը նշէ, որ այդ մասին ըսուած է Սորոսի հիմնադրամը եղող «Բաց հասարակութիւն» հիմնադրամի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Յայտարարութեան մէջ մտահոգութիւն կը յայտնուի Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան դէմ կատարուող արշաւին եւ յայտնի գործիչներու ձերբակալութիւններուն առիթով:

«Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ձերբակալած է տասնեակ մը քաղաքական գործիչներ, իրաւապաշտպաններ ու իրաւաբաններ, եւ անոնց ներկայացուած են տարբեր մեղադրանքներ` միջոցներ իւրացնելէ մինչեւ պետական դաւաճանութիւն: Անոնցմէ ոմանք երկար ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտուած են», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Մասնաւորաբար կը յիշատակուին իրաւապաշտպաններ Լէյլա Եունուսի, Ռասուլ Ճաֆարովի, Ինթիքամ Ալիեւի եւ լրագրող Խատիժա Իսմայիլովայի անունները:

Թիրախ դարձած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Սորոսի հիմնադրամը: Կալանք դրուած է Ազրպէյճանի մէջ հիմնադրամի դրամատնային հաշիւներուն վրայ, գրաւուած են համակարգիչները, հարցաքննուած են աշխատակիցները: Հիմնադրամը, սակայն, կը հերքէ իր հասցէին մեղադրանքները:

Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին հիմնադրամի ղեկավար Ճորճ Սորոս կոչ ուղղած է թուլացնելու ճնշումը քաղաքացիական հասարակութեան վրայ եւ դադրեցնելու բարեգործական կազմակերպութիւններու հետապնդումը:

 

 

Նախորդը

«ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավարներուն Մեծ Մասը Ոչնչացուած Է» Կ՛ըսէ Քերրի

Յաջորդը

Տուման Վաւերացուցած Է Աբխազիոյ Հետ Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.