Միացեալ Նահանգներ Եւ Քուպա Պիտի Քննարկեն Ուաշինկթընի Եւ Հաւանայի Մէջ Դեսպանատուներ Բանալու Հարցը
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Քուպայի ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին 27 փետրուարին` Ուաշինկթընի եւ Հաւանայի մէջ երկու երկիրներու դեսպանատուներուն աշխատանքը վերսկսելու հարցը քննարկելու նպատակով: «Բանակցութիւնները պիտի կեդրոնանան հարցերու վրայ, որոնք կապուած են երկու երկիրներուն մէջ դեսպանատուներու եւ դիւանագէտներու աշխատանքը վերսկսելու հետ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ատիկա պիտի...




















