Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլիվուտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Օսքար»-ներու Մրցանակաբաշխումը

Փետրուար 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էտի Ռետմէյն
Էտի Ռետմէյն

Երէկ Լոս Անճելըսի «Տոլպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսքար»-ներու 2015-ի մրցանակաբաշխումը: Տարուան լաւագոյն շարժանկար ճանչցուեցաւ բեմադրիչ Ալեխանտրօ Կոնզալես Ինիարիթուի «Պըրտմեն»-ը: Տարուան լաւագոյն դերասանի մրցանակին արժանացաւ Էտի Ռետմէյն` աստղաբաշխ Սթիվըն Հոքինկի կեանքը ներկայացնող «Տը Թէյորի աֆ Էւրիթինկ»-ի մէջ Հոքինկի մարմնաւորման համար, իսկ լաւագոյն դերասանուհիի «Օսքար» ստացաւ Ճիւլիըն Մուրը` «Մէյպի Ալիս» շարժանկարին մէջ ալցհայմըրէ տառապող կնկայ մը մարմնաւորման համար: Նշենք, որ երկու շարժանկարներն ալ հիմնուած են իսկական պատմութեան վրայ եւ երկուքին ալ հերոսները առողջական լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն, իսկ երկու մրցանակակիրները կարմրահեր են:

Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեանց նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի մասին «Սթիթզըն 4» շարժանկարը արժանացաւ «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» մրցանակին:

Դարձեալ իսկական պատմութեան վրայ հիմնուած եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին գերմանական գաղտնագիր հանելուկը լուծած գիտնական Ալեն Թիւրինկի մասին պատմող «Իմիթէյշըն կէյմ» շարժանկարի բեմագիր Կրեմ Մուր մրցանակի արժանացաւ լաւագոյն դիւրացուած բեմագրութեան համար, իսկ «Լաւագոյն բեմագրութիւն» մրցանակին արժանացաւ «Պըրտմեն»-ը:

Շարժանկարի համար գրուած լաւագոյն երաժշտութեան համար մրցանակ ստացաւ Ալեքսանտր Տեպլան` «Կրանտ Պուտափեսթ Հոթել» շարժանկարին երաժշտութեան համար:

Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումի ղեկավար Մարթին Լութըր Քինկի կեանքէն դրուագ մը ներկայացնող «Սելմա» շարժանկարէն «Կլորի» երգը ստացաւ «Լաւագոյն երգ» մրցանակը:

«Լաւագոյն օտարալեզու շարժանկարին» արժանացաւ լեհ բեմադրիչ Փաւել Փաւլիքովսքիի «Իտա» շարժանկարը:

«Լաւագոյն օգնական դերասանուհի»-ի մրցանակին արժանացած է «Պոյհուտ» շարժանկարին մէջ մօր դեր ստանձնած  Փաթրիսիա Արքեթ, իսկ «Լաւագոյն օգնական դերասան»-ի մրցանակին արժանացաւ Ճէյ Քէյ Սիմսըն:

 

Նախորդը

Մանաթի Արժեզրկումը Կը Շարունակէ Ազրպէյճանի Մէջ Գիներու Աճի Պատճառ Դառնալ

Յաջորդը

Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Կապերու Համար 1400 Կասկածելիներ Արտաքսած Է Երկրէն

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?