Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Միջամտութիւնը Ժխտական Ազդեցութիւն Կ՛ունենայ Լիպիոյ Ապահովութեան Եւ Կայունութեան Վրայ» Կ՛ըսէ Լիպիոյ Վարչապետը

February 19, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապտալլա Սիննի
Ապտալլա Սիննի

Լիպիոյ փոխանցման կառավարութեան վարչապետ Ապտալլա Սիննի յայտնեց, որ Քաթարի եւ Սուտանի կողմէ Լիպիոյ ներքին հարցերուն միջամտութիւնը արդէն անցեալին կը պատկանի, սակայն նշեց, որ «թրքական միջամտութիւնը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենայ Լիպիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան վրայ»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կեցուածքը յստակ է»:

«Պիտի ստիպուինք այդ երկրին նկատմամբ միջոցառումներ որդեգրելու, եւ վերջաւորութեան Թուրքիան է կորսնցնողը, որովհետեւ Լիպիա կրնայ որեւէ պետութեան հետ գործակցիլ, իսկ թրքական ընկերութիւնները Լիպիոյ մէջ իրենց ներդրումները պիտի կորսնցնեն», ընդգծեց ան:

Սիննի յայտնեց, որ անցնող երկու օրերուն եգիպտական օդուժին կողմէ Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ օդային հարուածները տեղի ունեցած են իր կառավարութեան գիտակցութեամբ եւ կառավարութեան հետ ամբողջական համակարգումով, եւ «այն բոլոր խօսքերը, որոնք գերիշխանութեան ոտնահարման մասին կը խօսին, ճիշդ չեն»:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի «Նահար» օրաթերթին յայտնեց, որ Գահիրէ Լիպիոյ մէջ իր զինուորական գործողութիւնները կը կատարէ` հիմնուելով ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին վրայ եւ համագործակցելով Ապտալլա Սիննիի գլխաւորած եւ միջազգային ճանաչում ունեցող լիպիական օրինական կառավարութեան հետ:

 

Նախորդը

«Դամասկոս Պատրաստ Է Հալէպի Ռմբակոծումը 6 Շաբաթով Առկախելու» Կ՛ըսէ Տը Միսթուրա

Յաջորդը

Ռուսիա Եւ Հարաւային Օսեթիա Պետական Սահմանի Մասին Համաձայնագիր Ստորագրած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն  Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»
Միջազգային

Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.