«Դամասկոս Պատրաստ Է Հալէպի Ռմբակոծումը 6 Շաբաթով Առկախելու» Կ՛ըսէ Տը Միսթուրա
Սթեֆան Տը Միսթուրա «Էսոշիէյթըտ փրես» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնեց, որ սուրիական կառավարութենէն ստացած է Հալէպ քաղաքին դէմ օդային հարուածներն ու ռմբակոծումները վեց շաբաթով առկախելու յանձնառութիւն մը` առիթ ընծայելու համար երկրին մեծագոյն քաղաքին մէջ բախումները «սառեցնելու» ՄԱԿ-ի ծրագիրին փորձարկման: Տը Միսթուրա այդ յայտարարութիւնը կատարեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ նիստին ընթացքին իր տուած զեկուցումին...

















