Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Բանակը Սուրիոյ Մէջ Ցամաքային Գործողութիւն Մը Կատարելով Տեղափոխեց Սուլէյման Շահի Դամբարանին Հսկող Թուրք Զինուորները

Փետրուար 23, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22215_Suleiman-ShahԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ թրքական բանակը թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ միացեալ ցամաքային գործողութիւն մը կատարելով տեղափոխած է Սուլէյման շահի դամբարանին հսկող 40 թուրք զինուորները` ինչպէս նաեւ Սուլէյման շահի աճիւններն ու այդտեղ գտնուող հնութիւնները եւ զանոնք «ժամանակաւորապէս» փոխադրած Թուրքիա, մինչ թրքական բանակը «իր վերահսկողութեան տակ առած է Սուրիոյ Աշմա շրջանին մէջ շրջան մը` բարձրացնելով թրքական դրօշը հոն, ուր Սուլէյման շահի դամբարանը հետագային պիտի փոխադրուի»:

Թուրքիոյ սահմանէն 37 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող դամբարանին տեղափոխած «Շահ Ֆըրաթ» գործողութեան մասնակցած են 572 զինուորներ, 39 հրասայլեր եւ 57 զրահապատ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ «ԱՅՈՒԱՔՍ» տիպի օդանաւ մը, զինուորական ուղղաթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր: Տաւութօղլու պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի եւ թրքական բանակի սպայակոյտի պետ Նեճտեթ Էօզելի հետ կենդանի հաղորդումի միջոցով հետեւած են շաբաթ երեկոյեան ժամը 9:00-ին շղթայազերծուած եւ կիրակի առաւօտեան ժամը 6:00-ին աւարտած գործողութեան ընթացքին: Թուրք զինուորները ականահարած են այդտեղի շէնքերը, որպէսզի ՏԱՀԵՇ չկարենայ զանոնք օգտագործել: Գործողութեան ընթացքին արկածի մը պատճառով մահացած է թուրք զինուոր մը:

Նախքան գործողութիւնը թրքական կողմը տեղեակ պահած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքը եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը` վերջիններուս հետ բախում չունենալու համար:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնական աղբիւր մը յայտնեց, որ հակառակ անոր որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործողութեան նախօրեակին Պոլսոյ մէջ սուրիական հիւպատոսարանը տեղեակ պահած է, որ մտադիր է Սուլէյման շահի դամբարանը այլուր փոխադրել, սակայն սուրիական կողմին կանաչ լոյսին չէ սպասած: Աղբիւրը նշեց, որ Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելով չէ բաւարարուած եւ սուրիական հողամասերուն դէմ յարձակում գործած է:

Թրքական գործողութենէն քանի մը օր առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած էր այն տեղեկութիւնը, թէ դամբարանին հսկող թուրք զինուորները պաշարուած են: Թրքական «Զաման» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ամիսներէ ի վեր դամբարանին մէջ բանտարկուած թուրք զինուորներուն կերակուր ու ջուր կը տրամադրէին:

Սուլէյման շահի դամբարանը 1921-ին Ֆրանսայի հետ ստորագրուած դաշինքի մը հիմամբ թրքական հողամաս կը նկատուի: Սուլէյման շահ 12-րդ դարուն Սելճուքեան կայսրութեան զինուորական ղեկավարն էր: Ան մեծ հայրն էր Օսման Ա.-ի, որ 13-րդ դարուն հիմնադիրը եղաւ Օսմանեան կայսրութեան:

Թրքական ընդդիմութիւնը բուռն կերպով քննադատեց Սուլէյման շահի դամբարանին տեղափոխումը: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքին երէկ Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Մենք հանրապետութեան 90-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով առանց կռիւի մեր հողերը կը կորսնցնենք»:

Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն Եուսուֆ Հալաճօղլու գործողութիւնը նկատեց «դաւաճանութիւն» մը: «Ասիկա կատարեալ դաւաճանութիւն է: Ձեր հայրենիքը ՏԱՀԵՇ-ին կը ձգէք եւ կը յոխորտաք «այդտեղ գտնուող պատկերասփիւռը փրկելու» մասին», «Հիւրրիյէթ»-ին ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Մէկ Գիշերուան Մէջ Մանաթի Սուր Արժեզրկումին Պատճառով` Ազրպէյճանցիք «Ներխուժած» Են Պաքուի Խանութներ

Յաջորդը

Լիպիոյ Մէջ Իրանի Հիւպատոսարանը Ականահարուեցաւ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?