Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութենէն Պիտի Չհրաժարինք» Կ՛ըսէ Փութին

February 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վլատիմիր Փութին
Վլատիմիր Փութին

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիա չէ հրաժարած «Հարաւային հոսք»-էն, այլ` Մոսկուայի չեն արտօնած իրականացնել նախագիծը, եւ ատոր իրականացման վերադառնալ նոյն ձեւով կարելի չէ:

«Մենք չենք հրաժարած «Հարաւային հոսք»-էն, մեզի պարզապէս չարտօնեցին կեանքի կոչել զայն: Կան որոշ մանրամասնութիւններ, որոնք շատոնց յայտնի են, սակայն, կ՛երեւի` դարձեալ պէտք է խօսիմ անոնց մասին: Անցեալ տարուան ապրիլին Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրեց որոշում մը, ըստ որուն, «Հարաւային հոսք»-ը ճանչցուած է ո՛չ միայն անհեռանկարային, այլ նաեւ` վտանգաւոր Եւրոպական Միութեան համար: Այնուհետեւ Եւրոպական յանձնաժողովը նամակ ուղարկած էր Պուլկարիա` պահանջելով դադրեցնել բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները», յայտարարած է ան:

«Վերադարձ «Հարաւային հոսք»-ի իրագործման նախկին տեսքով, ի հարկէ, արդէն կարելի չէ: Մենք համաձայնած ենք թուրք գործընկերներուն հետ, իսկ Թուրքիան, եթէ յիշողութիւնս զիս չի դաւաճաներ, Գերմանիայէն ետք ռուսական կազի մեծագոյն գնորդն է Եւրոպայի մէջ, անիկա մեծածաւալ շուկայ է», ըսած է Փութին` նշելով, որ այլ նախագիծերու յայտնուելուն պարագային իսկ Ռուսիա պիտի չհրաժարի Թուրքիոյ հետ համագործակցութենէն` «Թրքական հոսք» կազատարի կառուցման հարցին մէջ:

«Թուրքիոյ հետ համագործակցութենէն պիտի չհրաժարինք: Ոչ միայն այն պատճառով, որ պարկեշտ չէ համաձայնիլ մեր թուրք ընկերներուն հետ, յետոյ ըսել «ո՛չ, Եւրոպան մեզի ուրիշ բան կ՛առաջարկէ», այլ նաեւ այն պատճառով, որ մենք կրնանք յիմար իրավիճակի մէջ յայտնուիլ: Այսօր Եւրոպական յանձնաժողովը հրաժարած է, վաղը համաձայնած է, իսկ միւս օրը կրնայ դարձեալ հրաժարիլ: Այդ պատճառով ալ մենք լուրջ եւ երկարատեւ գործընկերութեան կոչ կ՛ուղղենք, ինչպէս եղած է նախորդ տարիներուն»:

Փութին նշած է, որ Ռուսիան միշտ վստահելի գործընկեր եղած է եւ ապագային ալ այդպիսին պիտի ըլլայ:

 

Նախորդը

Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Քննադատած Է Ռուսիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Միջեւ Պետական Սահմանին Մասին Համաձայնագիրի Ստորագրումը

Յաջորդը

Միջազգային Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.