Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

February 20, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մերի Հարֆ
Մերի Հարֆ

– ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ յայտարարեց, որ կարելի չէ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնել միայն անոր անդամները սպաննելով, սակայն բոլորը պէտք է զինուորական ուժ օգտագործեն եւ ուսումնասիրեն այն պատճառները, որ երիտասարդները կը մղէ անոր շարքերուն միանալու: Ան նշեց, որ Եգիպտոս եւ Յորդանան Միացեալ Նահանգներու կողքին կը մասնակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ այս պատերազմին:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորն ու Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը Ռիատի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Եմէնի մէջ տիրող կացութիւնը եւ անոր ազդեցութիւնը Ծոցի եւ շրջանին վրայ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ շարք մը կարեւոր թղթածրարներուն մէջ միացեալ կեցուածք որդեգրելու կարելիութիւնները: Աղբիւրները նաեւ հաւանական նկատեցին, որ սէուտական-քաթարեան վեհաժողովին ընթացքին քննարկուած ըլլայ նաեւ սէուտական հովանաւորութեամբ գոյացած Եգիպտոս-Քաթար հաշտութեան թղթածրարը:

– ԻՐԱՔԻ վարչապետի բանբեր Ռաֆետ Ժապպուրի յայտնեց, որ Պաղտատ կը փափաքի, որ արաբական երկիրները, մանաւանդ անոնք, որոնք Իրաքի դրացի են, տնտեսական եւ ներդրումային գետնի վրայ բացուին դէպի Իրաք, եւ այդ մարզը իրանեան եւ թրքական ընկերութիւններու մենաշնորհը չմնայ: «Մենք արաբական երկիրները, մասնաւորաբար դրացիները, նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիան, Քուէյթը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը հրաւիրենք մուտք գործելու իրաքեան խոստմնալից շուկան», ըսաւ ան:

– ՔԱԹԱՐԱԿԱՆ պետական լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ եգիպտական բանակի հարուածներէն ետք, Քաթար Եգիպտոսի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է «խորհրդակցութիւններու» համար:

– ԾՈՑԻ համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտել Լաթիֆ պըն Ռաշետ Զիանի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան զօրակցութեան համար Քաթարի ուղղուած Եգիպտոսի ամբաստանութիւնները անհիմն են, ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ եւ կ՛անտեսեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Քաթարի անկեղծ ջանքերը:

Նախորդը

«Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութենէն Պիտի Չհրաժարինք» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Եգիպտոս Եւ Լիպիա Ապահովութեան Խորհուրդէն Կը Պահանջեն Լիպիական Բանակի Զէնքի Մատակարարման Արգելքը Վերցնել

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.