ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Լիպիոյ հարցով շրջանային երկիրներու միջեւ տարակարծութեանց ենթահողին վրայ կը շարունակէ քննարկել Լիպիոյ կացութիւնը:
Լիպիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները հարուածելու համար միջազգային դաշինք յառաջացնելու եգիպտական պահանջը ինքզինք գտաւ արաբական եւ արեւմտեան իրարու հակասող կամքերու դէմ յանդիման: Միջազգային միջամտութիւնը կարիքը ունի զայն օրինականացնող կառավարութեան մը, իսկ Լիպիան մասնատուած է, ուստի ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Պեռնարտինօ Լիոն լիպիական ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւնը նկատեց իր առաջնահերթութիւնը: Ան կոչ ուղղեց Ժընեւի մէջ ընթացք առած ազգային միութեան կառավարութեան կազմութեան եւ ամբողջական զինադադարի ճամբան հարթող ապահովական միջոցառումներու շուրջ քաղաքական երկխօսութեան անմիջական երկրորդ ժողով մը գումարելու:
Սակայն Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Տայիրի պահանջեց նախ եւ առաջ լիպիական բանակի կարողութիւնները ամրապնդել եւ վստահեցուց, որ շրջանային աջակցութիւնը, մասնաւորաբար եգիպտական բանակին կողմէ, լիպիական պաշտօնական խնդրանքի հիմամբ պիտի շարունակուի:
Ալճերիա, Թունուզ եւ Իտալիա զգուշացուցին լիպիական ճգնաժամին ներկայացուցած վտանգէն եւ պահանջեցին վտանգը վերահսկողութեան տակ առնելու համար քայլերը համակարգել, սակայն Եգիպտոս մերժեց սպասելու գաղափարը, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը չի սպասեր:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շուքրի յայտնեց, որ ընտրովի օրինական խորհրդարանի մը հիմամբ օրինական կառավարութիւն մը կամ ազգային միութեան կառավարութիւն մը կազմուի, միեւնոյնն է, այդ մարմինը ահաբեկչութեան վերջ տալու եւ զայն արմատախիլ ընելու պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ:
Յորդանան Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ լիպիական բանակը զինելու արգելքը վերցնելու, ծովային եւ ցամաքային անցքերուն հսկելու, որպէսզի Լիպիա զէնք մուտք չգործէ: