Միջազգային

Հոլլանտ Կը Դատապարտէ Ասատի Հետ  Հանդիպում Ունեցած  Ֆրանսացի Օրէնսդիրները

Հոլլանտ Կը Դատապարտէ Ասատի Հետ Հանդիպում Ունեցած Ֆրանսացի Օրէնսդիրները

Ֆրանսուա Հոլլանտ ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ երէկ քննադատած է այն ֆրանսացի օրէնսդիրները, որոնք հանդիպում ունեցած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Հոլլանտ Ֆիլիփեան կղզիներ իր այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն ըսած է. «Այս նախաձեռնութիւնը կը դատապարտեմ: Նաեւ զայն կը դատապարտեմ, որովհետեւ ֆրանսացի օրէնսդիրներ յանձն առած են հանդիպիլ բռնատէրի մը հետ, որ վերջին տարիներու յոռեգոյն քաղաքացիական պատերազմներէն մէկուն պատճառներէն...

Ռուսական Մարտանաւերու Կողմէ Կիպրական  Նաւահանգիստներու Օգտագործման  Շուրջ Ռուսիա-Կիպրոս Համաձայնագիր

Ռուսական Մարտանաւերու Կողմէ Կիպրական Նաւահանգիստներու Օգտագործման Շուրջ Ռուսիա-Կիպրոս Համաձայնագիր

Անասթասիատես եւ Փութին «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես 25 փետրուարին ստորագրած են համաձայնագիր մը, որ ռուսական մարտանաւերուն կ՛արտօնէ մուտք գործել կիպրական նաւահանգիստներ: Փութին լրագրողներուն յայտնած է, որ «մեր բանակներուն միջեւ գործակցութեան շուրջ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրեցինք: Օրինակ` մեր նաւերուն կիպրական նաւահանգիստներ մուտքին վերաբերեալ: Չեմ կարծեր, որ ասիկա ոեւէ մէկը պէտք է մտահոգէ»,...

Իսրայէլացի Բնակեցուածներ Կը Հրկիզեն  Հին Երուսաղէմի Մէջ Յունական  Եկեղեցւոյ Մը Պատկանող Սենեակ Մը

Իսրայէլացի Բնակեցուածներ Կը Հրկիզեն Հին Երուսաղէմի Մէջ Յունական Եկեղեցւոյ Մը Պատկանող Սենեակ Մը

«Գինը վճարել տալ-Թաժ Մահիր» կոչուած իսրայէլացի բնակեցուածներու խմբակը հրկիզած է Հին Երուսաղէմի հարաւը գտնուող Մահիր գիւղին մէջ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատկանող սենեակ մը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ պատերուն վրայ Քրիստոսը վարկաբեկող կարգախօսներ գրած է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Երուսաղէմի մէջ դատարան մը ոստիկանութեան խնդրանքով արգիլած է դէպքին հետաքննութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութեան հրապարակումը: Բնակեցուածներու նոյն խմբակը աւելի կանուխ հրկիզած էին Բեթղեհէմի մօտ...

«Յառաջիկայ Օրերուն Միացեալ Նահանգներ  Ռուսիոյ Դէմ Յաւելեալ  Պատժամիջոցներ Կրնան Սահմանել»  Կ՛ըսէ Քերրի

«Յառաջիկայ Օրերուն Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Յաւելեալ Պատժամիջոցներ Կրնան Սահմանել» Կ՛ըսէ Քերրի

Ճոն Քերրի «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ կատարուած քննարկումներու ընթացքին յայտարարած է, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի խստացուին Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները: Ծերակուտականներէն մէկը հարցում ուղղած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար, Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կոմիտէի նախագահ Ալեքսանտր Պորթնիքովի մասին, որ անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած էր ծայրայեղականութեան դէմ պայքարին...

Միացեալ Նահանգներ Մէկ Ամսուան Մէջ  Իրաքին 18 Միլիոն Տոլարի Զէնք Մատակարարած Է

Միացեալ Նահանգներ Մէկ Ամսուան Մէջ Իրաքին 18 Միլիոն Տոլարի Զէնք Մատակարարած Է

Սթիւ Ուորըն Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սթիւ Ուորըն յայտնած է, որ նախարարութիւնը Իրաքին 17,9 միլիոն տոլարի զէնք մատակարարած է: Ըստ անոր, մատակարարումը կատարելու համար պահանջուած է 22 օր, ինչ որ սովորականէն չորս անգամ աւելի արագ է: Իրաք ուղարկուած է 250 զրահապատ մեքենայ, 232 «Հելֆայըր» տիպի հրթիռ, հազարաւոր զրահաբաճկոն եւ սաղաւարտ: Բացի ատկէ, կ՛ակնկալուի, որ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- ԹԵԼ Թամր շրջանէն ասորի մարտական ղեկավար մը Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ իբրեւ առաջին քայլ Թել Քուրան շրջանէն առեւանգուածներէն ազատ արձակած է 19 ասորիներ: - ՄԱԿ¬ի Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ¬ի բարբարոս ահաբեկչական արարքները, ներառեալ` կրօնական ու մշակութային արժէքաւոր հնութիւններու քանդումը: - ԹՈՒՐՔԻՈՅ ծովուժի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ղեկավար Իսար Շահան խորհրդաւոր պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ Ռումանիոյ...

Մոկերինի. «Իրանի Եւ Արեւմուտքի Միջեւ  Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները  Համաձայնութեան Գոյացման Մօտ Են»

Մոկերինի. «Իրանի Եւ Արեւմուտքի Միջեւ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւնները Համաձայնութեան Գոյացման Մօտ Են»

Ֆրետերիքա Մոկերինի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձր յանձնակատար Ֆրետերիքա Մոկերինի յայտարարեց. «Իրանի եւ մեծ տէրութեանց միջեւ հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները, տասը տարուան դիւանագիտական ջանքերէ ետք, կը մօտենան համաձայնութեան գոյացման»: Մոկերինի ըսաւ. «Համաձայնութիւն մը կրնայ Իրանի հետ շրջանային աշխատանք մը ուրուագծել եւ կրնայ Միջին Արեւելքի մէջ բազմաթիւ ճգնաժամերու լուծում բերել»:

Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Դատապարտէ  ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Ասորիներու Առեւանգումը

Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Ասորիներու Առեւանգումը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը «բուռն կերպով» դատապարտեց «ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ մէջ աւելի քան հարիւր ասորիներու առեւանգումը եւ քանդումը պաշտամունքի վայրերու, ներառեալ` եկեղեցիներու»: Ապահովութեան խորհուրդը արտայայտեց «իր զայրոյթը, որովհետեւ այս ոճիրները անգամ մը եւս կու գան ցոյց տալու վայրագութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի, որ պատասխանատու է հազարաւոր ոճիրներու եւ բոլոր կրօնի, ցեղի եւ քաղաքացիութեան մարդոց դէմ բռնարարքներու` առանց մարդկային կեանքի նկատմամբ որեւէ նկատառումի»: Ապահովութեան...

«Սի.Այ.Էյ.»-ի Ղեկավարը  Կը Յայտարարէ.  «ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարը  Թուրքիոյ Համար  Առաջնահերթութիւն Մը Չէ»

«Սի.Այ.Էյ.»-ի Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարը Թուրքիոյ Համար Առաջնահերթութիւն Մը Չէ»

Ճէյմս Քլափըր «Սի.Այ.Էյ.»-ի ղեկավար Ճէյմս Քլափըր յայտարարեց, որ «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը Թուրքիոյ համար առաջնահերթութիւն մը չէ, ինչ որ կը դիւրացնէ օտար զինեալներու թրքական հողերուն ճամբով Սուրիա մուտք գործելը»` աւելցնելով. «Թուրքիա այդ խմբաւորման դէմ պատերազմին մէջ իր մասնակցութեան տարողութիւնը բարձրացնելէն այլ առաջնահերթութիւններ ու շահեր ունի»: Քլափըր նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ ՏԱՀԵՇ գլխաւոր սպառնալիք մը չի...

Ասորի Արքեպիսկոպոս Մը  Կ՛ամբաստանէ Թուրքիան.  Գամիշլիի Շրջանին Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի  Եւ Քիւրտերուն Միջեւ Բախումները  Կը Շարունակուին

Ասորի Արքեպիսկոպոս Մը Կ՛ամբաստանէ Թուրքիան. Գամիշլիի Շրջանին Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Քիւրտերուն Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին

Քիւրտ զինեալներ Թել Ժումաայի մէջ ասորական եկեղեցւոյ մը առջեւ Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը կը հաղորդէ, որ Գամիշլիի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Թել Համիս գիւղին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ բախումները 6-րդ օրն ըլլալով կը շարունակուին: Քրտական ուժերը ազատագրած են յաւելեալ 23 գիւղեր, որոնց շարքին` Օքազը, Օքազ Ղարպիյան, Խանսահը, Խանսահի վառելանիւթի կայարանը եւ Պըլքիսի ճամբան: Բախումներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի...

Քերրի. «Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան  ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Դնելու Հասարակաց Շահ Ունին»

Քերրի. «Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Դնելու Հասարակաց Շահ Ունին»

Ճոն Քերրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դնելու հասարակաց շահ ունին, նոյնիսկ եթէ այդ խմբաւորման դէմ զինուորական համակարգում չկատարեն: «Մենք առնուազն հասարակաց շահ ունինք, սակայն ոչ գործակցութիւն», ըսաւ ան: Քերրի ըսաւ, որ Իրան յարգած է Ժընեւի համաձայնութեան հիմամբ իր կատարած խոստումները, եւ նշեց. «Մենք նստելով բանակցելու այս արկածախնդրութիւնը ընդունեցինք` տեսնելու...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

ՏԱՀԵՇ հրապարակեց տեսերիզ մը, որ ցոյց կու տար իր զինեալները, որոնք կը քանդեն Մուսուլի թանգարանին մէջ գտնուող պատմական գանձերն ու հնութիւնները: ՅՈՐԴԱՆԱՆ եւ Իսրայէլ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ Մեռեալ ծովուն ջուրը պիտի զտուի, որպէսզի Իսրայէլի մէջ Արապա շրջանին եւ Յորդանանի Աքապա շրջանին ըմպելի ջուր ապահովուի: Իսրայէլի միջազգային համագործակցութեան նախարար Սիլվան Շալոմ, որ համաձայնութիւնը ստորագրեց իր յորդանանցի պաշտօնակիցին եւ Իսրայէլի...

ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումէն Ետք.  950 Ասորի Ընտանիքներ  Հեռացած Են Հասաքէէն Եւ Գամիշլիէն

ՏԱՀԵՇ-ի Յարձակումէն Ետք. 950 Ասորի Ընտանիքներ Հեռացած Են Հասաքէէն Եւ Գամիշլիէն

Ասորական մարդկային իրաւանց ցանցի տնօրէն Ուսամա Էտուարտ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումէն եւ տասնեակներով ասորիներ առեւանգելէն ետք, երկուշաբթի օրուընէ ի վեր շուրջ 800 ասորի ընտանիքներ հեռացած են Հասաքէէն, իսկ շուրջ 150 ասորի ընտանիքներ ալ` Գամիշլիէն: Միւս կողմէ, ըստ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հասած տեղեկութիւններուն, ասորիներու պատրիարքութիւնը Հասաքէի մէջ 90 ասորիները առեւանգած զինեալներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ առեւանգեալներուն ազատ արձակման համար եւ...

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը  Քաղաքական Իսկական Կամք Կը Պահանջէ»  Կ՛ըսէ Ասատ

«Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Քաղաքական Իսկական Կամք Կը Պահանջէ» Կ՛ըսէ Ասատ

Ֆրանսացի չորս երեսփոխաններ երէկ 2012-ին Դամասկոսի մէջ ֆրանսական դեսպանատան փակումէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինը եղող հանդիպում մը ունեցան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ասատ Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ, Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութենէն Փիեռ Վիալի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը իսկական քաղաքական կամք կը պահանջէ եւ իսկական հաւատք, որ ատիկա բոլորին օգուտ պիտի ըլլայ, ճիշդ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ անծանօթ անօդաչու թռչող սարքեր չորեքշաբթի գիշեր դարձեալ թռիչք կատարած են Փարիզի վերեւ: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր երէկ արշալոյսէն ի վեր երկար ժամանակով թռիչք կատարած են Այսրյորդանանի Ռամալլա քաղաքի կեդրոնին վերեւ: - ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ բնակեցուածներ երէկ արշալոյսին հրկիզեցին Բեթղեհէմի մօտ Ժապհա գիւղի «Հուտա» մզկիթը եւ արաբներուն ու իսլամներու դէմ ցեղապաշտական բնոյթի գրութիւններ...

ՏԱՀԵՇ Դարձեալ Երկու Եկեղեցի Կը Հրկիզէ,  Ինչպէս Նաեւ Ասորիներ Կ՛առեւանգէ

ՏԱՀԵՇ Դարձեալ Երկու Եկեղեցի Կը Հրկիզէ, Ինչպէս Նաեւ Ասորիներ Կ՛առեւանգէ

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ Սուրիոյ Հասաքէ նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ իր զինեալներուն եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու միջեւ բուռն բախումներու թատերաբեմ դարձած Թել Թամր գիւղին մօտ գտնուող Թել Շամիրամ եւ Թել Հըրմոզ գիւղերէն շուրջ 90 ասորիներ առեւանգած է: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ տասնեակներով ասորիներ զոհ գացած են Արեւմտեան Հասաքէի մէջ մեծագոյն ասորական գիւղերէն Թել Թամրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու գործած...

Տաւութօղլու Սուրիոյ Մէջ Կատարուած  Գործողութիւնը Զինուորներու Անվտանգութեան  Ապահովման Անհրաժեշտութիւն Կը Նկատէ

Տաւութօղլու Սուրիոյ Մէջ Կատարուած Գործողութիւնը Զինուորներու Անվտանգութեան Ապահովման Անհրաժեշտութիւն Կը Նկատէ

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ` մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ Սուլէյման շահի դամբարանի տեղափոխութիւնը, յայտարարած է, որ Անգարա իրաւունք ունի անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու` իր զինուորներուն անվտանգութիւնը ապահովելու եւ իր պատմական ժառանգութիւնը պահպանելու համար: «Առանց տատամսելու ապագային ալ այդպիսի քայլերու պիտի դիմենք, եթէ մեր ազգային անվտանգութեան վտանգ սպառնայ», ըսաւ ան: Տաւութօղլու յայտարարեց, որ այդ գործողութիւնը ռազմավարական քայլ...

«Շարլի Էպտօ» Այսօր Լոյս  Պիտի Տեսնէ 2,5 Միլիոն Տպաքանակով

«Շարլի Էպտօ» Այսօր Լոյս Պիտի Տեսնէ 2,5 Միլիոն Տպաքանակով

News.ru կայքը կը հաղորդէ, որ ֆրանսական երգիծական «Շարլի Էպտօ» թերթին նոր թիւը լոյս պիտի տեսնէ 2,5 միլիոն տպաքանակով: Խմբագրութեան ծաղրանկարիչները փետրուարի սկիզբը մեկնած էին արձակուրդի, որ այժմ աւարտած է: Այսօր վաճառուելիք նոր թիւին կողքին վրայ պատկերուած է «Շարլի Էպտօ»-ի թիւը ատամներով բռնած շուն մը, որ կը փախչի շարք մը կերպարներէ, որոնց շարքին են ֆրանսական Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին լը...

Ըստ «Տեր Շփիկըլ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքմենիստանի Հետ Կազի Շուրջ  Համաձայնագիրներ Կը Պատրաստէ

Ըստ «Տեր Շփիկըլ»-ի. Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանի Եւ Թուրքմենիստանի Հետ Կազի Շուրջ Համաձայնագիրներ Կը Պատրաստէ

Գերմանական «Շփիկըլ Օնլայն»-ը` յղում կատարելով Եւրոպական Միութեան Ուժանիւթի միութեան համար պատրաստուած երկու փաստաթուղթերուն, կը հաղորդէ, որ լուծելով Եւրոպա մատակարարուող կազի բազմազանման խնդիրը` Եւրոպական յանձնաժողովը պատրաստ է համաձայնագիր կնքելու Ազրպէյճանի եւ Թուրքմենիստանի նման երկիրներու հետ: Rosblat.ru կը հաղորդէ, որ միութիւնը ապագային պիտի կարգաւորէ համագործակցութիւնը ուժանիւթի մարզին մէջ: Պարբերականը այդպիսի քաղաքական որոշում մը կասկածելի կը նկատէ: Փաստաթուղթերուն համաձայն, ընթացիկ տարուան մէջ Եւրոպական...

Հինգ Անծանօթ Անօդաչու Սարքեր  Թռիչք Կատարած Են Փարիզի Վերեւ

Հինգ Անծանօթ Անօդաչու Սարքեր Թռիչք Կատարած Են Փարիզի Վերեւ

Ֆրանսական ապահովական աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ երկուշաբթի կէս գիշերին եւ երէկ առաւօտեան ժամը վեցին հինգ անօդաչու թռչող սարքեր թռիչք կատարած են Փարիզի մէջ դիրքերու վերեւ, որոնք, ըստ աղբիւրին, զգայուն են: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Փարիզի մէջ ամերիկեան դեսպանատան, Էյֆելեան աշտարակին, Էնվալիտ յուշարձանին եւ Քոնքորտ հրապարակին վերեւ թռիչք կատարած սարքերը բանեցնողները չեն ձերբակալուած: Սարքերուն թռիչք կատարելու նպատակն ու անոնց...

Page 872 of 881 1 … 871 872 873 … 881

Արխիւներ