ՏԱՀԵՇ Մուսուլի Մէջ Եկեղեցի Մը Պայթեցուցած Է
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Մուսուլի մէջ պայթեցուցած են Ս. Գէորգ եկեղեցին: Քաղաքի հիւսիս-արեւելքը գտնուող վանքը կը նկատուէր մեծագոյններէն մէկը եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր Մուսուլի քրիստոնեաներուն մօտ: Ըստ հաղորդագրութիւններուն, եկեղեցին պայթեցուած է երկուշաբթի օր: Բացի տաճարէն, ծայրայեղականները ոչնչացուցած են անոր կից գտնուող քանի մը բնակելի շինութիւններ, ինչպէս նաեւ տարածք մը, որ նախատեսուած եղած է բարեգործական օգնութիւն բաժնելու համար:...




















