Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Տեմփսի. «Թիքրիթին Վերատիրանալու Համար Իրաքեան Ուժերուն Աջակցութեան Մէջ Իրանի Դերակատարութիւնը Դրական Պիտի Ըլլայ, Եթէ…»

Մարտ 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Մարթին Տեմփսի
Զօր. Մարթին Տեմփսի

Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի յայտարարեց. «Թիքրիթին վերատիրանալու համար իրաքեան ուժերուն աջակցութեան մէջ իրանեան դերակատարութիւնը դրական պիտի ըլլայ, եթէ իրաքեան ուժերը Թիքրիթ քաղաքը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն ազատագրելէ ետք զայն առանց յարանուանական լարուածութիւններու վերադարձնեն անոր բնակչութեան»:

Տեմփսի նշեց, որ «Իրաքի մէջ իրանեան միջամտութիւնը այժմ աւելի յստակ է, քան 2004-ին»` աւելցնելով. «Թիքրիթի գործողութեան մասնակից ուժերուն մէկ երրորդը իրաքեան բանակի 5-րդ խումբէն է, իսկ մնացեալ երկու երրորդը Ժողովրդային զօրախմբումի ուժերէն»:

Միւս կողմէ, քաղաքական լաւատեղեակ աղբիւրներ լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Նինուէի նահանգապետին` Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն փրկելու Թուրքիոյ մասնակցութեան մասին խօսքին նպատակը «խմբաւորման դէմ պատերազմին մէջ շիի եւ սիւննի ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն» ստեղծելն է: Աղբիւրները կը նշեն, որ սիւննի արաբները կը փորձեն ստեղծել Իրանի աջակցութիւնը վայելող Ժողովրդային զօրախմբումին նման զօրախումբ մը, որ աջակցութիւնը վայելէ Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն, որպէսզի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծուի:

Աղբիւրները կը նշեն, որ Թուրքիան եւ Ծոցի երկիրները կը մերժեն Նինուէ նահանգին (ուր կը գտնուի Մուսուլը) ազատագրման գործողութեան Ժողովրդային զօրախմբումին մասնակցութիւնը, ուստի Թուրքիա սիւննի զինեալները զինելու ճամբով այդ հարցին մէջ ազդու դերակատարութիւն պիտի ունենայ` նշելով, որ Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի իրաքեան կառավարութեան համամտութենէն ետք:

Իրաքեան Օրինաց երկիր համախմբումի անդամ Սաատ Մաթլապի իր կարգին մերժեց Նինուէի ազատագրման մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը, որովհետեւ վերջինս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչական տարրերուն տրամադրուած ուղղակի աջակցութեան ճամբով «մեղսակից» է ստեղծուած կացութեան:

Շիի համախմբումի անդամը «Ախպար» օրաթերթին յայտնած է, որ Թուրքիա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մասնակցելու համար շարք մը փորձեր կատարած է, որոնցմէ վերջինը Թուրքիոյ եւ Յորդանանի` 20 հազար զինուորներով Նինուէի ազատագրութեան մասնակցութեան առաջարկն էր: Ան աւելցուց, որ Օրինաց երկիրը կը մերժէ բոլոր թրքական ծրագիրները, որովհետեւ Թուրքիան կը փորձէ անոնց ճամբով ահաբեկչութեան ուղղակի աջակցութեան իր մեղսակցութենէն ուշադրութիւնը շեղել: «Թուրքիան ներկայիս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող խնդիրներուն աղբիւրն է եւ տրամաբանական չէ, որ շրջաններու ահաբեկչութենէն ազատագրման մասնակցի», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտնեց. «Հայտար Ապատիի գլխաւորած իրաքեան կառավարութիւնը կը ներկայացնէ բոլոր իրաքցիները», եւ իր երկիրը պատրաստ է անոր անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու:

Նախորդը

Միացեալ Յայտարարութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական Մշակոյթի Եւ Յարաբերութեանց Կազմակերպութեան

Յաջորդը

«Ժողովուրդին Իրաւունքը Չյարգող Համաձայնութեան Մը Պիտի Չհամակերպինք» Կ՛ըսէ Ռուհանի

RelatedPosts

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաստատեց Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումը
Միջազգային

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Հաստատեց Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Դիմումը

Ապրիլ 1, 2023
2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով  Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Գահիրէ
Միջազգային

2011-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Գահիրէ

Ապրիլ 1, 2023
Իսրայէլ Դարձեալ Յարձակում Գործեց Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ
Միջազգային

Իսրայէլ Դարձեալ Յարձակում Գործեց Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In