Նեթանիահու Իրանի Հետ Համաձայնութեան Հարցով Կը Զգուշացնէ Միացեալ Նահանգները
Նեթանիահու` Քոնկրեսին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրան պէտք է համաձայնի իր հիւլէական գործունէութիւնը առնուազն տասը տարիով սառեցնելու, եթէ կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութիւն մը գոյացնել, բայց եւ այնպէս, Իրանի հետ բանակցութիւնները դժուար թէ համաձայնութեամբ աւարտին: Օպամա ըսաւ, որ Իրանի շուրջ տարակարծութիւնները Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութեան համար «մնայուն կերպով քանդիչ» պիտի...




















