«Կազեթա»` յղում կատարելով թրքական «Սապահ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ ահաբեկուած է Տաճիկիստանի ընդդիմութեան ղեկավար Ումարալի Քուվաթով:
Միջադէպը տեղի ունեցած է Ֆաթիհ թաղամասին մէջ, երբ Քուվաթով իր կնոջ եւ երեխաներուն հետ կ՛երթար հիւանդանոց: Տունէն դուրս գալէ առաջ անոնց այցելած է անծանօթ մը, որուն երթալէն ետք ամբողջ ընտանիքը ինքզինք վատ զգացած է:
Հիւանդանոց երթալու ճամբուն վրայ անյայտ անձը մօտեցած է ընդդիմադիր գործիչին եւ կրակած գլխուն:
Ոստիկանութեան տուեալներով` սպանութենէն առաջ անոնց այցելած տղամարդը ձերբակալուած է. հաւանական է, որ ան թունաւորած է Քուվաթովի տան ուտելիքը: