Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրի Եւ Ֆապիւս Կը Հաստատեն Իրանի Հետ Բանակցութեան Ընթացքին Յառաջդիմութեան Արձանագրութիւնը

Մարտ 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քերրի եւ Ֆապիւս
Քերրի եւ Ֆապիւս

Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրի եւ Լորան Ֆապիւս միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեցին, որ Իրանի հետ վերջինիս հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրուած է յառաջդիմութիւն` նշելով, որ իրենց երկիրները Իրանի հետ ամուր համաձայնութեան մը գոյացումը կ՛ուզեն:

Քերրի ըսաւ. «Ուաշինկթըն եւ Փարիզ Իրանի հետ անոր հիւլէական թղթածրարին շուրջ ամուր համաձայնութիւն մը կ՛ուզեն»` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է յարմար համաձայնագիր մը ստորագրել»:

Քերրի նշեց, որ «յառաջդիմութիւն արձանագրեցինք, սակայն գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ, եւ յառաջիկայ օրերուն մեր նպատակը այդ տարակարծութիւնները լուծելն է»: «Մենք կը զգանք, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու հրատապ հրամայական գոյութիւն ունի: Աւելի՛ն, պէտք է յարմար համաձայնութիւն գոյացնենք, եւ Իրանի կը մնայ աշխարհին երաշխաւորել, որ իր ծրագիրը իր ըսածին նման խաղաղ բնոյթի է»:

Ֆապիւս իր կարգին հաստատեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, սակայն նշեց, որ գոյութիւն ունին բացեր` անգամ մը եւս նշելով, որ «պէտք չէ գոյացնել համաձայնութիւն մը, որ Իրանի կ՛արտօնէ հիւլէական զէնքեր ձեռք բերել»` աւելցնելով. «Պէտք է համաձայնագիրի գործադրութեան համար Իրանին մէկ տարուան պայմանաժամ տալ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ յայտարարեց. «Բանակցութեան սեղանէն պիտի հեռանանք, եթէ կարելի չըլլայ Իրանի հետ գոյացնել համաձայնութիւն մը, որուն միջոցով կարելի է հաստատել անոր հիւլէական ծրագիրին բնոյթը»: Ան ընդգծեց. «Պիտի չաջակցինք Իրանի հետ համաձայնութեան մը, որ կրնայ վտանգել Միացեալ Նահանգներուն ազգային ապահովութիւնը»:

Նախորդը

«Պրիթիշ Փեթրոլիում» Եւ Եգիպտոս Կազի Արտահանման Մասին 12 Միլիառ Տոլարի Արժողութեամբ Համաձայնագիր Մը Կնքած Են

Յաջորդը

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Այսօր Կը Քննարկեն Իրաքի Կրօնական Եւ Մշակութային Ժառանգութեան Քանդումը Դատապարտող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?