Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆայսալ. «Իրան Կը Բռնագրաւէ Իրաքը»

March 6, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քերրի եւ Ֆայսալ
Քերրի եւ Ֆայսալ

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը երէկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկեան կողմին հետ մեր քննարկումը դրական էր, կեդրոնացանք ահաբեկչութեան եւ (Իրանի) հիւլէական թղթածրարին վրայ»:

«Մենք կը զօրակցինք Իրանի հիւլէական թղթածրարը խաղաղ ճամբով լուծելու, այդ ծրագիրը զինուորականի չփոխակերպելու եւ Իրանի հիւլէական կեդրոններու խուզարկութեան դրութիւն հաստատելու մեծ տէրութեանց ջանքերուն», ըսաւ ան:

Իշխանը ըսաւ, որ քննարկուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային դաշնակցութեան ջանքերը, ներառեալ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու միջոցառումները` ըլլան անոնք զինուորական կամ գաղափարախօսական գետնի վրայ` նշելով. «Սէուտական Արաբիա Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու միջազգային դաշինքին կարեւորութիւնը կը շեշտէ»: Սակայն ան նաեւ նշեց, որ «Թիքրիթը Սէուտական Արաբիոյ մտահոգութիւն պատճառող երեւոյթի հիմնական օրինակ է: Իրան կը բռնագրաւէ Իրաքը»:

«Սուրիական ճգնաժամը ոչ միայն պատճառ դարձաւ Սուրիոյ քանդումին, այլ նաեւ Սուրիան իր օրինականութիւնը կորսնցուցած նախագահ Պաշշար Ասատի օրհնութեամբ վերածեց հաւատադրժողական խմբաւորումներու ապաստանարանի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Որոշեցինք սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան աջակցիլ` անոր տրամադրելով կարիք ունեցած սպառազինութիւնն ու մարզումը»:

Ֆայսալ իշխանը շեշտեց. «Կը մերժենք Եմէնի մէջ Հուսի միլիսներու յեղաշրջումն ու այսպէս կոչուած «սահմանադրական հռչակագիրը», եւ Եմէնի մէջ Ծոցի երկիրներու նախաձեռնութեան հիմամբ քաղաքական հոլովոյթի կարեւորութիւնը կը շեշտենք»:

Քերրի իր կարգին ըսաւ, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը պիտի նուազեցնէ հիւլէական զինարշաւը եւ փարատէ Ծոցի բազմաթիւ երկիրներու մտավախութիւնները: «Մենք Իրանի հետ մեծ լուծումի չենք ձգտիր, եւ անոր հետ համաձայնութիւն գոյացնելէ ետք` ահաբեկչութեան անոր հովանաւորման նման մնացեալ հարցերուն մէջ ոչինչ պիտի փոխուի», ընդգծեց Ֆայսալ:

«Ամերիկան աչք պիտի չխբէ Իրանի` շրջանին մէջ, ինչպէս Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ ապակայունութեան առաջնորդող գործունէութեան»:

Ան ըսաւ, որ հուսիները մնացեալ քաղաքական ուժերուն հետ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութեան հիմամբ պէտք է քաղաքական լուծումի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:

«Մեր առաջնահերթութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարն է, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդին կարողութիւնը տանք իրենց երկիրը վերաշինելու», ըսաւ Քերրի` աւելցնելով. «Կրնան զինուորական ճնշում բանեցնել սուրիական վարչակարգը նահանջի մղելու համար` նոյն ատեն շարունակելով քաղաքական լուծում գտնելու աշխատանքը»:

Նախորդը

«Սէուտական Արաբիա Կ՛ուզէ, Որ Եգիպտոսի Հետ Հաշտութիւն Գոյացնենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Լիբանանցի 50 Գործարարներ Պիտի Ծանօթանան Հայաստանի Երկրագործութեան Մարզին Մէջ Ներդրումներու Կարելիութեան

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.