Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ երէկ ուրբաթ օրուան նամազէն ետք ազատ արձակած է իր կողմէ առեւանգուած բոլոր ասորիները:
ՏԱՀԵՇ ասորիները առեւանգած ու Շատատի փոխադրած էր ասորիներով բնակուած 10 գիւղերու դէմ իր շղթայազերծած եռօրեայ յարձակումին ընթացքին: Առնուազն հազար ասորի ընտանիքներ յարձակումէն փախուստ տալով ապաստանեցան Գամիշլիի եւ Հասաքէի մէջ: Քանի մը օրուան մէջ առեւանգեալ ասորիներուն թիւը բարձրացաւ աւելի քան 250-ի:
Անցեալ շաբաթ ՏԱՀԵՇ ազատ արձակեց Թալ Կորան գիւղէն 19 ասորիներ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, անոնք ազատ արձակուեցան տեղւոյն իսլամական օրէնքի դատարանին կողմէ` ոչ իսլամներուն նկատմամբ հաստատուած տուրքը վճարելէ ետք:
Ասորի համայնքի ղեկավարները Հասաքէի եպիսկոպոսին գլխաւորութեամբ բանակցութիւններ կը վարէին գերիներու ազատ արձակման համար: