Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Հողին Կը Հաւասարեցնէ Ասորական Հին Քաղաքի Սը Աւերակները Եւ Կը Քանդէ Օսմանեան Ժամանակաշրջանի Մզկիթ Մը

March 7, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-6-15_Mosul«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրաքի զբօսաշրջութեան եւ պատմական յուշարձաններու նախարարութիւնը յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ոչնչացուցած են Իրաքի տարածքին մէջ գտնուող հին ասորական Նիմրուտ (Քալխուում) քաղաքի աւերակները:

«ՏԱՀԵՇ հողին հաւասարեցուցած է պատմական Նիմրուտ քաղաքը` ծանր սպառազինութեան միջոցով», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Նիմրուտ քաղաքը հիմնուած է ՆՔ 13-րդ դարին: Քաղաքին աւերակները կը գտնուէին Մուսուլի հարաւարեւելեան մասին մէջ, եւ 19-րդ դարու կէսերէն այնտեղ կատարուած պեղումներուն ընթացքին կարեւոր հնութիւններ յայտնաբերուած էին:

2003-ին ամերիկեան բանակի Իրաք ներխուժման պատճառով հին քաղաքը լրջօրէն վնասուած էր:

Նինուէ նահանգէն աղբիւր մը «Սումարիյա Նիուզ»-ին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Մուսուլի կեդրոնին մէջ քանդած են անցնող երեք օրուան ընթացքին երկրորդ մզկիթ մը, որ օսմանեան ժամանակաշրջանէն է:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները քաղաքի Մայտան շրջանին մէջ գտնուող պատմական Համու Քատու մզկիթը քանդած են` օգտագործելով քարշակներ:

Փետրուարի վերջաւորութեան համացանցի վրայ տարածուած էր տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւէր, թէ ինչպէ՛ս ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կ՛ոչնչացնեն նախաիսլամական ժամանակաշրջանին պատկանող յուշարձանները, որոնք կը պահպանուէին Մուսուլ քաղաքի թանգարանին մէջ:

Միւս կողմէ, «Մայատին»` յղում կատարելով ժողովրդային զինախմբումի ուժերուն, հաղորդեց, որ Թիքրիթի արեւելքը գտնուող Տուր օդակայանին մէջ իսրայէլեան լրտեսութեան սարքեր եւ ռատարներ գտնուած են:

Նախորդը

Տը Միսթուրա. «Ինծի Յորդորեցին Հալէպի Մէջ Կռիւի Սառեցումը Յաջողցնելու Համար Հանդիպում Ունենալ Ժապհաթ Նուսրայի Հետ»

Յաջորդը

«Նեթանիահու Որեւէ Ազդեցութիւն Չունեցաւ Իրանի Եւ Վեցեակին Միջեւ Բանակցութիւններուն Վրայ» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.