Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժողովուրդին Իրաւունքը Չյարգող Համաձայնութեան Մը Պիտի Չհամակերպինք» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Մարտ 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Ռուհանի
Հասան Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրանի նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի չհամակերպի հիւլէական թղթածրարին շուրջ որեւէ համաձայնութեան, որ իրանցի ժողովուրդին իրաւունքները չի յարգեր:

Ռուհանի նշեց, որ «միայն ահաբեկչական բռնագրաւող վարչակարգն է, որ բանակցութիւններէն նեղացած է»` աւելցնելով. «Սիոնական գոյացութիւնը միշտ շրջանի կայունութենէն կը մտահոգուի, ուստի աշխարհը կը նկատէ, որ Ժապհաթ Նուսրան այդ վարչակարգին կողմէ պաշտպանուած է»:

Իրանի նախագահը յայտնեց. «Վեցեակը երկու ընտրանքի առջեւ կանգնած է. կա՛մ միջազգային օրէնքներու հիմամբ համաձայնութեան հասնիլ, կա՛մ ալ պատժամիջոցները, որոնք գիտեն, թէ ազդեցութիւն չունին»:

«Սիոնական գոյացութիւնը միջազգային որոշումներէն դուրս հիւլէական զէնք ունենալու աշխատեցաւ, եւ հիւլէական ռումբերը կ՛ամբարէ», ընդգծեց Ռուհանի:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Ուաշինկթընէն Իսրայէլ վերադառնալէ ետք յայտնեց, որ ինք Միացեալ Նահանգներու մէջ ներկայացուցած է Վեցեակին եւ Իրանի միջեւ «վատ» համաձայնութեան գործնական այլընտրանք մը, որուն հիմամբ Իրանի դէմ պատժամիջոցները կը վերցուին այն ատեն միայն, երբ Իրան դադրի ահաբեկչութիւնը աշխարհի վրայ տարածելէ, դրացիներուն դէմ յարձակում գործելէ եւ Իսրայէլը հիմնայատակ կործանել սպառնալէ:

Ան նշեց, որ Քոնկրեսի դեմոկրատական եւ հանրապետական անդամներէն շատ քաջալերական կեցուածքներ լսած է, «եւ հաւնեցայ, որ անոնք աւելի լաւ հասկցան, թէ ներկայ առաջարկը պիտի յանգեցնէ վատ համաձայնութեան, իսկ այլընտրանքը աւելի լաւ համաձայնութիւն մըն է»:

Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրած են, սակայն դժուարութիւնները շատ են:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում պիտի ունենայ իր բրիտանացի, ֆրանսացի եւ գերմանացի պաշտօնակիցներուն հետ` քննարկելու համար Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Նշենք, որ երէկ Մոնթրէոյի մէջ տեղի ունեցաւ Քերրիի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի միջեւ բանակցութեանց չորրորդ հանգրուանը:

Քերրի յայտնեց, որ Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն պիտի պարունակէ վերջինիս հիւլէական կեդրոններուն խուզարկութիւն կատարելու կէտը` նշելով, որ Իրանի հետ բանակցութիւնները յառաջդիմութիւն արձանագրած են, սակայն տակաւին տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին:

Ան շեշտեց, որ Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է միջազգային ընտանիքին համար ընդունելի ըլլայ:

 

Նախորդը

Զօր. Տեմփսի. «Թիքրիթին Վերատիրանալու Համար Իրաքեան Ուժերուն Աջակցութեան Մէջ Իրանի Դերակատարութիւնը Դրական Պիտի Ըլլայ, Եթէ…»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը
Միջազգային

Պրազիլի Նախագահը Պատրաստ Է Թրամփին Օգնելու` Լուծելու Ուքրանիոյ Տագնապը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Քոնկրեսը Տեղեակ Պիտի Պահէ Վենեզուելայի Եւ Քոլոմպիոյ Դէմ Հաւանական Գործողոթիւններու Մասին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին. «Մոսկուան Տակաւին Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւման Նկատմամբ Դրական Տրամադրուած Է»

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?