Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Փոխգահաժառանգին Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Էրտողան Այցելեց Թեհրան

Ապրիլ 8, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուհանի եւ Էրտողան
Ռուհանի եւ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր իրանցի պաշտօնակիցին հրաւէրով 6 ժամ տեւողութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի եւ նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Անոր կ՛ընկերակցէին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի, մաքսատուներու եւ առեւտուրի նախարար Նուրեթթին Ճանիքլի, ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք եւ զարգացման հարցերու նախարար Ճեւտեթ Եըլմազ:

Ռուհանիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Էրտողան ըսաւ, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ պատմութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը կը քանդուին եւ հազարաւորներ կը սպաննուին: «Շրջանը դժոխքի բոցերէն կ՛անցնի», ըսաւ ան` նշելով, որ Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են այժմէական հարցեր եւ միջազգային քաղաքական յարաբերութեանց շուրջ փոխըմբռնումներ գոյացած են:

Թուրքիոյ նախագահը ըսաւ, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ ներածումի եւ արտածումի միջեւ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին, «սակայն մենք այսօր այդ ուղղութեամբ շատ լաւ քայլեր առինք: Պէտք է առկախ հարցերը քննարկել եւ լուծումներ գտնել»: «Բնական կազի մեր պահանջին մեծ մասը կը գնենք Իրանէն, եւ եթէ այդ կազի գինը նուազի, հաւանաբար աւելի մեծ ծաւալներ գնենք, որովհետեւ զայն կ՛օգտագործենք ճարտարարուեստի մարզին մէջ եւ մեծապէս կախեալ ենք կազի սպառումէն», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Թուրքիա կրնայ Իրանէն ապրանք կամ նախնական նիւթ գնել թրքական դրամանիշով, իսկ Իրան Թուրքիայէն կրնայ գնել իրանեան դրամանիշով: Մենք կրնանք այդ առումով շրջանի երկիրներուն համար օրինակ ըլլալ»:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին շեշտեց շրջանին մէջ պատերազմի եւ ապահովութեան բացակայութեան վերջ տալու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութեան ճամբով աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

«Պէտք է ջանալ ձերբազատիլ Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական փոխանակումներուն մէջ այլ օտար դրամանիշերու տիրութենէն», ըսաւ Ռուհանի:

Իրանի նախագահը յայտնեց, որ իր երկիրը եւ Թուրքիա Եմէնի մէջ պատերազմի եւ արիւնահեղութեան շուտափոյթ կերպով վերջ տալուն կը հաւատան: Ռուհանի նշեց, որ Էրտողանի հետ Եմէնի հարցով կարգ մը կէտերու շուրջ համակարծիք եղած են եւ երկու կողմերը կը հաւատան, որ անհրաժեշտ է արագ կերպով վերջ տալ պատերազմին եւ արիւնահեղութեան:

Այաթոլլա Ալի Խամենէի Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «Եմէնի մէջ լուծումը արտաքին միջամտութեան դադրեցման ճամբով է»` շեշտելով. «Եմէնցիները իրենք պէտք է ճշդեն իրենց երկրին ապագան»:

Էրտողան մէկ օր առաջ երեկոյեան ժամը 6:00-ին անակնկալ եւ մէկ ժամ 40 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցած էր Սէուտական Արաբիոյ փոխգահաժառանգ Մուհամետ պըն Նայեֆի հետ:

Չաւուշօղլու. «Թուրքիա Կրնայ Իբրեւ Միջնորդ
Հանդէս Գալ Եմէնի Մէջ Տագնապի Լուծման Գործին Մէջ»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիա կրնայ իր ներդրումը ունենալ Եմէնի տագնապի լուծման գործին մէջ` բանակցութիւններուն ընթացքին իբրեւ միջնորդ հանդէս գալով:

«Թուրքիան կրնար կարեւոր դեր կատարել Եմէնի տագնապի լուծման գործին մէջ` իբրեւ միջնորդ հանդէս գալով բանակցութիւններուն մէջ, եւ կարեւոր ներդրում ոնենալ ատոր խաղաղ լուծման հարցին մէջ, եթէ ստացուի տագնապի կողմերուն համաձայնութիւնը: Մենք պէտք է լուծենք զայն` հիմնուելով Եմէնի տարածքային ամբողջականութեան վրայ», յայտարարած է Չաւուշօղլու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յիշեցուցած է. «Թուրքիան մեծ փորձառութիւն ունի տարբեր տագնապներու խաղաղ լուծման գործին մէջ»:

Զինուորական գետնի վրայ, մինչ «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Եմէնի նախագահ Ապտռապպօ Մանսուր Հատիի համակիր ցեղախումբերու ուժեր եւ զինուորական ստորաբաժանումներ «Վճռորոշ փոթորիկ» արշաւի օդանաւերուն աջակցութեամբ մեկնած են Ատեն, «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ հուսիները գրաւած են Ատենի նաւահանգիստն ու քաղաքին մէջ շարք մը շրջաններ:

 

Նախորդը

Օպամա Կը Մերժէ Իրանի Հետ Համաձայնութեան Կնքման Համար Իսրայէլի Ճանաչման Նախապայման Ճշդելու Գաղափարը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?