
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում պիտի ունենան` քննարկելու համար Եմէնի տագնապը լուծելու ջանքերը:
«(Թուրքիա կը յուսայ, որ) հուսիները պիտի հեռանան իրենց գրաւած շրջաններէն, վերադարձնեն ծանր զէնքերը, ճանչնան օրինական նախագահը եւ երկխօսութեան հոլովոյթի մը ձեռնարկեն», ըսաւ Պիլկիչ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թեհրան իր այցելութեան ընթացքին իրանցի ղեկավարներուն փոխանցած է Եմէնի հարցին վերաբերեալ Անգարայի քաղաքականութեան կէտերը:
Մինչ այդ, Փաքիստանի խորհրդարանը երէկ Եմէնի մէջ չմիջամտելու շուրջ բանաձեւ մը որդեգրեց:


