Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եմէնի Ժողովուրդը Ռմբակոծումէն Պիտի Չընկճուի Եւ Իր Ճակատագիրը Ինք Կը Ճշդէ Երկխօսութեան Ճամբով» Ըսաւ Ռուհանի

April 10, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Ռուհանի
Հասան Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ Իրանի մէջ հիւլէական ճարտարագիտութեան ազգային օրուան առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Եմէնը ռմբակոծելու ուղիին դիմելը «սխալ է եւ անկէ պէտք է ետդարձ կատարուի»` հարց տալով. «Եթէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման կը ձգտիք, ապա ինչո՞ւ աջակցեցաք ահաբեկչութեան եւ գրգռութեան ուղին որդեգրեցիք»:

Ռուհանի ըսաւ, որ «Եմէնի ժողովուրդը ռմբակոծումէն պիտի չընկճուի»` կոչ ուղղելով «անոնց» «եմէնցի ժողովուրդի երկխօսութեան եւ ինքնորոշման մթնոլորտ պատրաստելու»:

Անդրադառնալով իր երկրին հիւլէական թղթածրարին շուրջ Վեցեակին հետ Լոզանի մէջ կնքուած համաձայնութեան` ան ըսաւ. «Այն ինչ որ Վեցեակին հետ բանակցութիւններէն ստացանք` մեր հիւլէական խաղաղ գործունէութեան իրաւունքին կառչելու յաղթանակն է»: «Համաձայնութիւն կը ստորագրենք միայն, եթէ պատժամիջոցները ամբողջական կերպով եւ անմիջապէս վերցուին», ընդգծեց Իրանի նախագահը: Ան նշեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին իրենք չեն ջանացած ոեւէ մէկը պարտութեան մատնել, «եւ եթէ զանգուածային քանդումի զէնքը ուզէինք, ապա ատիկա հիւլէական ճարտարագիտութենէն շատ աւելի դիւրին է»:

«Բարեկամութեան եւ սիրոյ ձեռք կ՛երկարենք բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն մեզի հետ գործակցիլ փոխադարձ յարգանքի ծիրին մէջ», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները «միայն հիւլէական թղթածրարին շուրջ է» եւ անոնց հետ Իրանի ներքին, շրջանային կամ միջազգային կացութեան վերաբերող որեւէ հարցի շուրջ երկխօսութիւն չկայ: Ան ընդգծեց, որ Իրան իր զինուորական կեդրոններու կամ զինուորական ճարտարարուեստի կեդրոններու խուզարկում պիտի չարտօնէ եւ գոյանալիք որեւէ համաձայնութիւն «պէտք չէ դիմադրութեան ճակատին մէջ մեր բարեկամները թիրախ դարձնէ»:

Անդրադառնալով Եմէնի իրադարձութիւններուն` Խամենէի ըսաւ, որ Ռիատ «Եմէնի դէմ յարձակում գործելով սխալ գործեց» եւ «շրջանին մէջ վատ նախադէպ մը» հաստատեց: Ան սէուտական ղեկավարութեամբ զինուորական գործողութիւնը նմանցուց Կազայի դէմ Իսրայէլի զինուորական գործողութեան եւ զայն ոճիր ու հաւաքական սպանդ նկատեց:

Խամենէի Սէուտական Արաբիոյ դէմ բուռն յարձակում գործելով յայտարարեց, որ Ռիատ «Եմէնի մէջ հարուած մը պիտի ստանայ եւ անոր քիթը գետին պիտի քսուի», իսկ Միացեալ Նահանգները, որոնք Սէուտական Արաբիոյ կ՛աջակցին, իրենց կարգին հարուած պիտի ստանան եւ պարտութիւն պիտի կրեն Եմէնի մէջ:

Խամենէի Ռիատի քայլը վերագրեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ «անփորձ երիտասարդներու» իշխանութեան տիրանալուն:

Միւս կողմէ, Gazeta.ru հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանին պիտի չարտօնեն Եմէնի մէջ զինուորական տագնապի ընթացքին միջամտելու: «Մենք ճակատում չենք փնտռեր, սակայն պիտի չլքենք մեր դաշնակիցները: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ անոնց, որոնք վտանգ կը զգան Իրանի հաւանական գործողութիւններէն», յայտարարած է ան:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.