Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ուաշինկթըն Կը Յայտնէ, Որ Պիտի Արագացնէ «Վճռորոշ Փոթորիկ»-ին Զէնք Մատակարարելը. Իրանեան Մարտանաւեր Կ՛ուղղուին Ատենի Ծոց Եւ Պապ Մանտեպ Նեղուց

Ապրիլ 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-08-15_YemenՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Անթոնի Պլինքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի արագացնէ Եմէնի մէջ սէուտական ղեկավարութեամբ արաբական դաշնակից ուժերուն զէնքի մատակարարումը եւ աւելցնէ գաղտնի սպասարկութեան տեղեկութիւններու փոխանցումը:

Փլինքին Ռիատ իր այցելութեան ընթացքին Եմէնի մէջ քաղաքական կողմերուն կոչ ուղղեց «բոլորին համար ընդունելի քաղաքական լուծումի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու»:

Պլինքին Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպում ունենալուն կողքին նաեւ հանդիպում ունեցաւ սէուտական մայրաքաղաք ապաստանած Եմէնի նախագահ Ապետռապպօ Մանսուր Հատիի հետ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ հանդիպումը կու գայ վերահաստատելու, որ Հատի կը շարունակէ մնալ Եմէնի օրինական նախագահը:

Մինչ այդ, իրանեան ծովուժի հետախուզութեան եւ այլ նպատակներու ծառայող թիւ 34 տորմիղի մարտանաւերը ուղղուեցան Ատենի ծոց եւ Պապ Մանտեպի նեղուց: Մարտանաւերուն շարքին են գումակային յածանաւ «Պուշեհր»-ը, խորտընկէց «Ալպարազ»-ը: Կը հաղորդուի, որ անոնք Ատենի ծոց եւ Պապ Մանտեպի նեղուց կ՛ուղղուին ապահովելու համար իրանեան նաւերու անվտանգութիւնը եւ պահպանելու համար միջազգային ջուրերուն մէջ Իրանի շահերը:

Իրանեան ծովուժի հրամանատար ծովակալ Հապիպուլլահ Սիարի յայտնեց, որ տորմիղին առաքելութիւնը պիտի երկարի շուրջ երեք ամսուան վրայ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ յայտարարեց. «Մենք Եմէնի մէջ ոչ ոք կը ռմբակոծենք, այլ` աշխատանք կը տանինք զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ»:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կը շարունակուին ճնշումները` վաւերացնելու համար Ծոցի երկիրներուն կողմէ ներկայացուած բանաձեւը, որ կը պահանջէ, որ հուսիներու Անսարուլլահ շարժումը հեռանայ մայրաքաղաք Սանաայէն եւ այն բոլոր շրջաններէն, զորս առած է իր վերահսկողութեան տակ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ուխտի եօթներորդ յօդուածին տրամադրութեան տակ արգիլել անոնց զէնքի մատակարարումը: Բանաձեւը որեւէ ակնարկ չի կատարեր արաբական դաշնակից ուժերուն կողմէ կատարուող օդային հարուածներուն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատեց Եմէնի մէջ արաբ դաշնակից ուժերու օդային հարուածները եւ նշեց, որ անոնք Ապահովութեան խորհուրդին կը դիմեն օդային հարուածներու արտօնութիւն ստանալու համար, երբ արդէն այդ հարուածները կը գործադրեն:

Ան վստահեցուց, որ Ռուսիան չի կրնար տագնապի կողմերէն մէկուն զօրակցիլ եւ անոնցմէ մէկը ապօրինի նկատել:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին իր կարգին նշեց, որ Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած բանաձեւը հաւասարակշռուած չէ:

Նախորդը

«Ռուսիա Նոյնիսկ Չ՛ուզեր Մտածել, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը «Թեժ Փուլ» Պիտի Մտնէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ  Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած.  «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»
Միջազգային

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած. «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»

Մարտ 25, 2023
Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու  Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»
Միջազգային

Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»

Մարտ 25, 2023
Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է  Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման
Միջազգային

Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In