24 ապրիլին Պոլսոյ մէջ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան մուտքին մօտ թուրք ազգայնական երկու խումբերու` «Ազգայնական Թուրքիա» կուսակցութիւնը եւ «Թուրանի օճախներ»-ը սեւ ծաղկեպսակներ դրած են:
Աւելի ուշ, անոնք ընկերային ցանցերու իրենց էջերուն վրայ տեսանիւթ մը տարածած են, որուն մէջ ըսած են, որ «Օր մը պիտի յայտնուինք «Ակօս»-ի մէջ»: