Միջազգային

Չեխիա Կրնայ 2020-ին Մաս  Կազմել Եւրոյի Գօտիին

Չեխիա Կրնայ 2020-ին Մաս Կազմել Եւրոյի Գօտիին

«Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Չեխիոյ վարչապետ Պոկուսլաւ Սոպոթքա յայտարարած է, որ 2020-ին Չեխիոյ մէջ եւրոն կրնայ փոխարինել ազգային դրամանիշը: Ըստ անոր, այդ մէկը երկրին մէջ «միասնական դրամանիշի որդեգրման գծով թեքնիք իմաստով կարելի ամէնէն մօտ ժամկէտն է»: «Փափաքելի պիտի ըլլար ճշգրիտ թուական ճշդել եւրոյով հաշուարկներու անցնելու համար», նշած է Սոպոթքա` միեւնոյն ժամանակ խոստովանելով. «Ցաւօք, կառավարութեան մէջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ եւրոյի որդեգրման...

Թուրքիոյ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցին  19 Կուսակցութիւններ

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցին 19 Կուսակցութիւններ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը պիտի բերեն 19 կուսակցութիւններ: Թուրքիոյ Գերագոյն ընտրական խորհուրդը յայտնած է, որ 31 կուսակցութիւններէն, որոնք նախապէս ցանկութիւն յայտնած էին մասնակցիլ ընտրութիւններուն, 12-ը չեն ներկայացուցած թեկնածուներու ցանկերը եւ դուրս մնացած են նախընտրական արշաւէն: Հիմնական մրցակիցները կը նկատուին իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը եւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական...

Սիւննիներն Ու Քիւրտերը Իրաքէն Անջատ   Նկատող Ամերիկեան Բանաձեւը  Մերժող Իրաքեան Կեցուածքներ

Սիւննիներն Ու Քիւրտերը Իրաքէն Անջատ Նկատող Ամերիկեան Բանաձեւը Մերժող Իրաքեան Կեցուածքներ

Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը քուէարկութիւն պիտի կատարէ բանաձեւի մը, որուն համաձայն, Փեշմերկաներն ու սիւննի զինեալ ուժերը կը նկատուին Իրաքէն անջատ երկու ուժեր: Փորձագէտներ այս քայլը կը նկատեն մեծաթիւ զինեալ խմբաւորումներուն ի տես, ուժերու հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելու փորձ մը, որ Ուաշինկթընի կ՛արտօնէ շրջանցել իրաքեան կառավարութիւնը եւ սիւննիներուն ու քիւրտերուն հետ ուղղակի կերպով աջակցիլ: Իրաքի խորհրդարանի...

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Հրամանով.  Մուհամետ Պըն Նայեֆ Գահաժառանգ Նշանակուեցաւ,  Իսկ Ֆայսալ Իշխանը Իր Պաշտօնէն Հեռացուեցաւ

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Հրամանով. Մուհամետ Պըն Նայեֆ Գահաժառանգ Նշանակուեցաւ, Իսկ Ֆայսալ Իշխանը Իր Պաշտօնէն Հեռացուեցաւ

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորը իր թագաւորութեան ղեկավարութեան մէջ շարք մը փոփոխութիւններ կատարելով, իր եղբայրը` Մուքրեն պըն Ապտելազիզ իշխանը հեռացուց գահաժառանգի պաշտօնէն եւ իր եղբօրորդին` Մուհամետ պըն Նայեֆը նշանակեց այդ պաշտօնին վրայ: Թագաւորը նաեւ իր որդին` Մուհամետ պըն Սալմանը նշանակեց փոխգահաժառանգի պաշտօնին վրայ: Սալման թագաւորը Սէուտ Ֆայսալ իշխանը հեռացուց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն եւ անոր տեղ նշանակեց...

ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Կը Սպառնան  Հռոմի Բնակիչներուն

ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Կը Սպառնան Հռոմի Բնակիչներուն

«Վեսթի» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ ապահովական մարմինները կը գտնուին պատրաստ վիճակի մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքներուն պատճառով: Հաւատադրժողական խմբաւորման կայքին վրայ տեղադրուած են լուսանկարներ եւ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Մենք ձեր փողոցներուն մէջ ենք: Սպասեցէք X ժամին»: Լուսանկարները առնուած են Հռոմի կեդրոնին մէջ, մասնաւորաբար Քոլիզէի եւ Ցուցահանդէսի կեդրոնին առջեւ, ուր շուտով պիտի բացուի համաշխարհային ցուցահանդէս, եւ նոյնիսկ ոստիկաններու կողքին: Ապահովական մարմինները այժմ կը փորձեն...

Դամասկոս. «Թրքական Բանակը Կ՛աջակցի  Սուրիոյ Մէջ Յարձակում  Կատարող Ահաբեկիչներուն»

Դամասկոս. «Թրքական Բանակը Կ՛աջակցի Սուրիոյ Մէջ Յարձակում Կատարող Ահաբեկիչներուն»

«ՌԻԱ Նովոսթի»` վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը թրքական բանակը մեղադրած է Իտլիպի եւ Հալէպի մէջ յարձակում գործող զինեալ խմբաւորումները սպառազինելու եւ անոնց նիւթական ու ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելուն համար: «Ահաբեկչական խմբաւորումներու Ժըսր Շուղուրի եւ Իշթիպորք քաղաքին, ինչպէս նաեւ նախապէս Իտլիպ, Հալէպ եւ Քեսապ քաղաքներուն մէջ զինեալ յարձակումներ գործած են թրքական բանակին նիւթական, թեքնիք եւ...

Իրան Ամերիկեան Նաւ Մը Գրաւեց  «Իրան Եւ Մեծ Տէրութիւնները Աւելի Քան  Երբեւիցէ Մօտ Են Պատմական  Համաձայնութեան Մը»  Կ՛ըսէ Քերրի

Իրան Ամերիկեան Նաւ Մը Գրաւեց «Իրան Եւ Մեծ Տէրութիւնները Աւելի Քան Երբեւիցէ Մօտ Են Պատմական Համաձայնութեան Մը» Կ՛ըսէ Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ մնացեալ հինգ մեծ տէրութիւնները ներկայիս աւելի մօտ են, քան երբեւիցէ` Իրանի հետ համաձայնութեան մը, որ վերջ պիտի տայ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 12-ամեայ տագնապին»: Միւս կողմէ, «Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանեան ուժ մը գրաւած է ամերիկեան բեռնատար նաւ մը եւ զայն առաջնորդած Պանտար Ապպաս նաւահանգիստ` նշելով, որ...

Տը Միսթուրա Իրանին Կը Յղէ «Ժընեւ-3»-ին  Մասնակցութեան Պաշտօնական Հրաւէր Մը

Տը Միսթուրա Իրանին Կը Յղէ «Ժընեւ-3»-ին Մասնակցութեան Պաշտօնական Հրաւէր Մը

Տը Միսթուրա Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ Նիւ Եորքի մէջ հիւլէական ուժանիւթի տարածման արգիլման շուրջ խորհրդաժողովի մը ծիրին մէջ հանդիպումի մը ընթացքին Իրանին յղեց Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման շուրջ խորհրդակցութիւններու համար «Ժընեւ-3» ժողովին մասնակցութեան պաշտօնական հրաւէր մը: Տը Միսթուրա իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրանին փոխանցած է ժողովին...

Եմէնի Հետ Սահմանին Վրայ Բախումի Մը  Ընթացքին Սէուտցի Զինուոր Մը Սպաննուեցաւ  Եւ Երկու Ուրիշներ Վիրաւորուեցան

Եմէնի Հետ Սահմանին Վրայ Բախումի Մը Ընթացքին Սէուտցի Զինուոր Մը Սպաննուեցաւ Եւ Երկու Ուրիշներ Վիրաւորուեցան

Սէուտցի զինուոր մը սպաննուեցաւ եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ երէկ Եմէնի հետ Սէուտական Արաբիոյ սահմանին վրայ բախումներ տեղի ունեցան: Սէուտական ապահովական աղբիւր մը լրատու գործակալութեանց յայտնեց, որ զինուորը սպաննուած է սահմանին վրայ հիւսիներու Անսարուլլահ շարժումին հետ հրացանաձգութեան մը ընթացքին: Մինչ այդ, սէուտական բանակը ռմբակոծեց սահմանամերձ շրջանները, մասնաւորաբար` Սաատան: Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Ժամալ պըն Օմար յայտնեց, որ Եմէնի մէջ...

Ընկերային .  Պալթիմորի Մէջ Բանակայիններ  Կը Տեղակայուին

Ընկերային . Պալթիմորի Մէջ Բանակայիններ Կը Տեղակայուին

Ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած ափրիկեան ծագումով ամերիկացիի մը վիրաւորուելով մահանալէն ետք տեղի ունեցած անկարգութիւններէն ետք, հազարաւոր բանակայիններ եւ այլ շրջաններէ ոստիկաններ տեղակայուեցան Միացեալ Նահանգներու Պալթիմոր քաղաքին մէջ: Մէկ շաբթուան տեւողութեամբ կրակմարի դրութիւն յայտարարուեցաւ եւ դպրոցներն ու խանութները փակուեցան: Երկուշաբթի օր հարիւրաւոր անձեր ամբողջ քաղաքին մէջ հրկիզած ու կողոպտած էին խանութներ, ինչպէս նաեւ ոստիկանութեան հետ բախումներ ունեցած: Երէկ, սակայն, կամաւորներ եւ քաղաքապետարանի...

Նեփալի Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն  Թիւը Բարձրացած Է

Նեփալի Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է

Ria.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Նեփալի ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ Նեփալի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 4310-ի, վիրաւորուած է 7953 մարդ: 7,9 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժը Նեփալի մէջ տեղի ունեցած է շաբաթ առաւօտ: Առաջին ցնցումներուն հետեւած է քանի մը յետցնցում: Երկրաշարժի կեդրոնը եղած է մայրաքաղաք Քաթմանտուէն 82 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք` 15 քիլոմեթր խորութեան վրայ: Կիրակի...

«Քրեմլին Յոյս Ունի, Որ Թուրքիոյ Հետ  Յարաբերութիւնները Կը Շարունակեն  Նախկինին Նման Զարգանալ»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Քրեմլին Յոյս Ունի, Որ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կը Շարունակեն Նախկինին Նման Զարգանալ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Տմիթրի Փեսքով «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիա յոյս ունի բնականոն յարաբերութիւններ պահպանել Թուրքիոյ հետ` այն բանէն ետք, երբ Թուրքիա Ռուսիոյ նախագահը քննադատած էր: Նախապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Փութինը քննադատած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար: Փեսքով ըսած է, որ Փութինին տեղեակ պահած են Թուրքիայէն հնչող քննադատութիւններուն մասին: Ան...

Կիպրոսի Բռնագրաւեալ Հատուածի Նախագահը  «Ձագուկ Պետութիւն» Ձեւակերպումէն  Զայրանալով Վիճած Է Էրտողանի Հետ

Կիպրոսի Բռնագրաւեալ Հատուածի Նախագահը «Ձագուկ Պետութիւն» Ձեւակերպումէն Զայրանալով Վիճած Է Էրտողանի Հետ

Մուսթաֆա Աքընճը «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի բռնագրաւեալ հատուածի նորընտիր նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըին հաճելի չէ թուած թրքական կողմէն Կիպրոսի հասցէին հնչող «ձագուկ հայրենիք» որակումը, եւ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ ան անդրադարձած է այդ խնդիրին: «Ոչ թէ ձագուկ հայրենիք, այլ եղբայրական պետութիւն», յայտարարած է Կիպրոսի բռնագրաւուած հատուածին նախագահը: Ան նշած է, որ Կիպրոսի թուրքերը իրենք զիրենք...

Միջազգային Լրատուամիջոցներ` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Միջազգային Լրատուամիջոցներ` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Միջազգային բոլոր լրատուամիջոցները կարեւորութեամբ անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ այդ առթիւ տեղի ունեցող ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Ստորեւ օրինակներ` ականաւոր լրատուամիջոցներու անդրադարձէն: Բրիտանական «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթը հրապարակած է յօդուած Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, անոր յարձակողական վերաբերմունքի եւ երկրին մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու հետ յարաբերութիւններու մասին: Օրաթերթը կը գրէ.«Յանուն իր, յանուն հայերու եւ յանուն արժանապատուութեան ու մարդկութեան` ժամանակն է, որ Թուրքիան համաձայնութեան գայ...

Թրքական Լրատուամիջոցները` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Թրքական Լրատուամիջոցները` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Թրքական բոլոր լրատուամիջոցներուն մէջ երէկ Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթեր եղած են: Անոնցմէ ոմանք կոչ ուղղած են ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, ոմանք ալ ամէն կերպ փորձած են ժխտել զայն: Իսկ թրքական երկու պարբերականներ երէկ լոյս տեսած են հայերէն կողքով: «Ճումհուրիյէթ» թերթը հայերէնով «Այլեւս երբեք» խորագիրով լոյս տեսած է: «100 տարի առաջ այս հողերուն վրայ ապրող մարդոց համար կը սգանք», գրած է թերթը: «Օսմանեան...

Ապրիլ 24-ը Քանատայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակուեցաւ

Ապրիլ 24-ը Քանատայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր Հռչակուեցաւ

Ապրիլ 24-ին Քանատայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նպատակադրէ ապրիլ ամիսը Քանատայի մէջ հռչակել ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս: Բանաձեւը մարտ 26-ին ներկայացուած էր Քանատայի խորհրդարանի անդամ, եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Պրատ Պաթի կողմէ: Վաւերացուած բանաձեւը կ՛ըսէ. Ներկայացուցիչներու այս տունը կը վերահաստատէ ճանաչումը. - Ողջակիզումի յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-24), որ որդեգրուած էր 7 նոյեմբեր 2003-ին: - Հայոց...

Էրտողան Գերմանիոյ, Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Կոչ Կ՛ուղղէ` «Նախ Սեփական Կեղտոտ Պատմութեան Նայելու»

Էրտողան Գերմանիոյ, Ռուսիոյ Եւ Ֆրանսայի Կոչ Կ՛ուղղէ` «Նախ Սեփական Կեղտոտ Պատմութեան Նայելու»

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի կեցուածքն ու անոնց յիշեցուցած Ռուանտայի, Ալճերիոյ, Կովկասի ցեղասպանութիւններուն եւ Ողջակիզման մասին: Էրտողան այդ երկիրներուն կոչ ուղղած է «նախ սեփական կեղտոտ պատմութեան» նայելու եւ յայտնած, որ իրենց կը վշտացնէ այդ երկիրներուն կեցուածքը «հայկական պնդումներուն հարցով»: Ապա դիմելով Եւրոպական Միութեան` Էրտողան ըսած է,...

Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յոյս Ունի, Որ Թուրքիա Պիտի Հրաժարի Ժխտողական Քաղաքականութենէն

Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Յոյս Ունի, Որ Թուրքիա Պիտի Հրաժարի Ժխտողական Քաղաքականութենէն

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտերս յոյս ունի, որ Թուրքիա պիտի հրաժարի ժխտողական քաղաքականութենէն եւ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երեւանի մէջ հայ-պելճիքական առեւտուրի պալատի 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Սթրազպուրկի մէջ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն` յիշեցնելով, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը եւս այդ...

Իշխանամէտ Թուրք Լրագրող.«Այո՛, Ցեղասպանութիւն Կատարուած Է, Այլեւս Չեմ Կրնար Ինքզինքս Խաբել»

Իշխանամէտ Թուրք Լրագրող.«Այո՛, Ցեղասպանութիւն Կատարուած Է, Այլեւս Չեմ Կրնար Ինքզինքս Խաբել»

News.am կը հաղորդէ, որ թրքական խիստ իշխանամէտ «Սապահ» օրաթերթի լրագրող Ռասիմ Օզան Քիւթահիալի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ խիզախ հրապարակումը զարմացուցած է թրքական մամուլը: Ռասիմ Օզան Քիւթահիալը իր հրապարակումին առաջին հատուածին մէջ կը նշէ, որ Թուրքիա երկար ժամանակ ոգեւորուած էր թրքական թեզերը պաշտպանող ամերիկեան գործիչ Ճասթին ՄքՔարթիի պատմութիւններով: «ՄքՔարթին չէր հերքեր տեղահանութեան ժամանակ անհաւատալի չափերով կոտորածները, սակայն այն միտքը յառաջ կը բերէր,...

Պոլսոյ Մէջ Ոստիկանութիւնը Միջամտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Առիթով Կազմակերպուած Երթին Եւ Ձերբակալութիւններ Կատարած

Պոլսոյ Մէջ Ոստիկանութիւնը Միջամտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Առիթով Կազմակերպուած Երթին Եւ Ձերբակալութիւններ Կատարած

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Քատըքէօյ թաղամասին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին միջամտած է ոստիկանութիւնը եւ ձերբակալած վեց անձեր: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան մէջ կ՛առերեսուինք» կարգախօսով պաստառին տակ հաւաք կատարողները փափաքած են քայլարշաւ կատարել, սակայն ոստիկանութիւնը պահանջած է վերցնել պաստառը: Բանակցութիւններէ ետք կարելի եղած է սկսիլ քայլարշաւին, սակայն ոստիկանութիւնը դարձեալ միջամտած է եւ գրաւած «Այս ցաւը բոլորիս ցաւն է:...

Page 864 of 881 1 … 863 864 865 … 881

Արխիւներ