Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպանատունը յայտնած է, թէ Վատիկանի ներկայացուցիչը հրաժարած է մասնակցելէ Թուրքիոյ մէջ Ապրիլ 24-ին տեղի ունենալիք Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած տօնակատարութեան:
Կը նշուի, որ Կալիփոլիի տօնակատարութեան պէտք էր մասնակցէր Վատիկանի արդարութեան եւ խաղաղութեան պապական խորհուրդի ղեկավարը, սակայն կարտինալը Թուրքիա պիտի չմեկնի` վատառողջ ըլլալուն պատճառով: