«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիներ Ստեղծելու Հարցով Տակաւին Նորութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Պիլկիչ
Թանժու Պիլկիչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտնեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներ ստեղծելու հարցով տակաւին նորութիւն չկայ»` նշելով, որ իր երկրին այդ հարցին վերաբերեալ կեցուածքը յստակ է, եւ Թուրքիա երկար ատենէ ի վեր այդպիսի գօտիներու հաստատումը կը պահանջէ, «եւ եթէ գործադրուէր, այսօր շատ բան փոխուած կ՛ըլլար»: Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ իր կարգին անդրադարձաւ...




















