
Lenta.ru կայքը կը գրէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով Միացեալ Նահանգներ կը քննարկէ Ռուսիոյ դէմ ճնշումը ուժեղացնելու կարելիութիւնը:
«Դժբախտաբար, մենք կը տեսնենք, որ Ռուսիան կը շարունակէ չկատարել Մինսքի համաձայնագիրով նախատեսուած պարտաւորութիւնները», յայտարարած է ան:
Ըստ Ըռնեսթի, Ուաշինկթըն այդ առնչութեամբ «հիասթափուած» է:
Սպիտակ տան բանբերը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն համագործակցիլ եւրոպացի գործընկերներու հետ` Մոսկուայի նկատմամբ «տնտեսական ճնշումներ» գործադրելու նպատակով:
Նախապէս Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Ռուսիան չի կրնար համաձայնիլ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղարարներու տեղակայման եւ նշած, որ անհրաժեշտ է տագնապի կողմերուն համաձայնութիւնը:
«Հարցը այն է, որ երբեք ռուսական կողմը չէ վիճարկած խաղաղարարներու գաղափարը: Սակայն ատոր ո՛չ ռուսական կողմը, ո՛չ Մինսքի համաձայնագիրը երաշխաւորող մէկ այլ կողմ կրնայ համաձայնիլ: Որովհետեւ ատոր համար նախ եւ առաջ պէտք է գոյութիւն ունենայ կողմերու համաձայնութիւնը: Այսինքն` առաջին` Քիեւ, երկրորդ` Տոնպաս», ըսած էր Փեսքով:


