Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննադատելով Գերմանիան. «Ոչ Ոք Կրնայ Մեր Պատմութիւնը Անպատուող Ուսումնական Ծրագիր Ուսուցանել»

Մայիս 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թրքական «Հապերլեր»-ը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Տորթմունտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Հայոց ցեղասպանութեան հարցով խիստ քննադատութիւն ուղղած է Գերմանիոյ եւ թրքական ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն:

Ան ըսած է. «Ձեր ներկայութեամբ անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղեմ Գերմանիոյ խորհրդարանին: Յարգելի Մերքելի հետ ալ այս հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցանք: Եթէ ոեւէ մէկը փորձէ մեզի պատմութեան դաս տալ, մենք ալ պիտի ըսենք, որ Անատոլուի ժողովուրդներուն, ներառեալ հայերուն հետ մենք հազար տարի միասին ապրած ենք: Մենք գիտենք` անոնց հետ ինչպէս խօսիլ, ինչպէս խօսիլ պատմութեան մասին: Դուք` իբրեւ երրորդ երկիրներ, մի՛ խանգարէք, այլ լաւութիւն չենք ուզեր: Մենք գիտենք` որո՛ւն հետ, ո՛ւր, ի՛նչ խօսիլ»:

Կրկնելով «արխիւները բանալու» մասին թեզը` Տաւութօղլու յիշեցուցած է Էրտողանի` անցեալ եւ այս տարուան ուղերձները` «Օսմանեան կայսրութեան հայերուն եւ յատկապէս` Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն» վերաբերեալ:

«Սակայն սեփական պատմութեան չնայողներուն, որոնք կը փորձեն մեզի պատմութեան դաս տալ, յստակ եւ բացայայտ կ՛ըսեմ` մենք մեր պատմութիւնն ու պատիւը քննարկման առարկայ պիտի չդարձնենք: Մենք երրորդ կողմի հետ որեւէ բան չենք կրնար քննարկել: Առաւել եւս, երբ ըսենք` «զայն ներառենք ուսումնական ծրագիրին մէջ, թող Գերմանիոյ նոր սերունդը իմանայ»: Ահա այդ ժամանակ ձեր պարտականութիւնը այդ ծրագիրը չուսուցանելն է: Ոչ ոք կրնայ մեր պատմութիւնը անպատուող ուսումնական ծրագիր ուսուցանել: Մենք կ՛ընդունինք կարծիքներու ազատութիւնը, քննադատութիւնները, սակայն երբեք թոյլ չենք տար վիրաւորանք եւ պատմութեան խեղաթիւրում», ըսած է Տաւութօղլու:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Կը Քննարկեն Ռուսիոյ Դէմ Ճնշումը Ուժեղացնելու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Ըստ Իրանի Քարիւղի Փոխնախարարին. Ամերիկեան Քարիւղի Մարզէն Պատուիրակութիւն Մը Ներդրումներու Կարելիութիւնը Քննարկելու Համար Պիտի Այցելէ Թեհրան

RelatedPosts

Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան  Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ

Նոյեմբեր 15, 2025
Ըստ ԱՖՓ-Ի.  Ռուսիան, Չինաստանն Ու Արաբական Պետութիւններ  Կ՛ընդդիմանան Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժին  Վերաբերեալ Ամերիկեան Նախագիծին
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ ԱՖՓ-Ի. Ռուսիան, Չինաստանն Ու Արաբական Պետութիւններ Կ՛ընդդիմանան Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժին Վերաբերեալ Ամերիկեան Նախագիծին

Նոյեմբեր 15, 2025
«Էֆ. Էս. Պի.»-ն Մոսկուայի Մէջ Ռուս  Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը  Ահաբեկման Փորձը Կանխարգիլած Է
Միջազգային

«Էֆ. Էս. Պի.»-ն Մոսկուայի Մէջ Ռուս Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը Ահաբեկման Փորձը Կանխարգիլած Է

Նոյեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?