Սէուտական Արաբիոյ քարիւղի նախարար Ալի Նուէյմի յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը կը շարունակէ պատրաստակամ ըլլալ քարիւղ արտադրող այլ երկիրներու օժանդակութեամբ միջազգային շուկայի կայունութեան վերականգնման եւ գիները տրամաբանական ու յարմար ձեւով բարելաւելու:
Նուէյմի Սէուտական Արաբիոյ մէջ տնտեսական խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնեց, որ այդ նպատակի իրագործման մէջ թագաւորութեան օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ քարիւղ արտադրող ու արտածող երկիրներու մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ յստակ եւ շատ թափանցիկ սկզբունքներու հիմամբ, որպէսզի Սէուտական Արաբիան, Ծոցի երկիրները կամ ՕՓԵՔԻ անդամները այս քայլին բեռը առանձին չկրեն:
Մինչ այդ` «Քորրեսփոնտընթ» կայքը հաղորդեց, որ Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան մասնագէտները կը նախատեսեն, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջ վերջնական համաձայնութեան գոյացման պարագային, Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք` քարիւղի գիները յաջորդ տարի կրնան անկում կրել` մէկ տակառի դիմաց 15 տոլարով:
Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան նախատեսութեան համաձայն, Իրանի կողմէ համաշխարհային շուկայ մատակարարուող քարիւղի ծաւալներու աճը քարիւղի գինը 5-15 տոլարով պիտի նուազեցնէ:
«Եթէ ձեռք բերուի համապարփակ համաձայնագիրը, որ պիտի յանգեցնէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու ջնջման կրնայ զգալի կերպով փոխել քարիւղի մատակարարումներու ծաւալներու, պահանջքի, ինչպէս նաեւ գիներու վերաբերեալ նախատեսութիւնները: Սակայն պատժամիջոցներու ջնջումի ժամանակը եւ կարգը տակաւին յստակ չեն», ըսուած է Միջազգային ուժանիւթի գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ` «Վեսթիֆայնենս» կայքը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ դաշնակցային մաքսային ծառայութիւնը յայտնած է, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան եկամուտները 2015-ի յունուար-փետրուար ժամանակաշրջանին նուազած են:
Դաշնակցային մաքսային ծառայութեան տուեալներով` յունուար-փետրուարին «Կազփրոմ»-ի կազի արտածումէն եկամուտները կրճատուած են մինչեւ 7,4 միլիառ տոլար: Կը հաղորդուի, որ ռուսական կազի արտածումը այս տարի նուազած է` 2014-ի յունուար-փետրուարին արձանագրուած 37,4 միլիառ խորանարդէն հասնելով մինչեւ 27,5 միլիառ խորանարդի:
Ընդհանուր ծաւալէն 18,7 միլիառ խորանարդ կազ արտածուած է ԱՊՀ երկիրներու սահմաններէն դուրս եւ 8,8 առ հարիւրը` ԱՊՀ երկիրներ:
Ռուսիոյ դաշնակցային մաքսային ծառայութենէն յայտնած են նաեւ, որ անցեալ տարուան յունուարէն կազի միջին գինը հազար խորանարդի համար 334 տոլարէն նուազած է մինչեւ 269 տոլար: