
Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը կը մերժէ ամերիկեան բանաձեւերն ու ծրագիրները, որոնք կը տկարացնեն Իրաքի միասնականութիւնը եւ կը շրջանցեն անոր ազգային գերիշխանութիւնը:
Ապատի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է փոխադարձ յանձնառութիւն ունենալ Իրաքի հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ անոր ներքին հարցերուն չմիջամտել:
Պայտըն իր կարգին յայտնեց, որ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող զինեալ ուժերը պէտք է ենթակայ ըլլան Ապատիի ղեկավարութեամբ պետութեան վերահսկողութեան` նշելով, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ Իրաքի միութիւնը պաշտպանելու ռազմավարական շրջագիծի համաձայնութեան:
Նշենք, որ Իրաքի խորհրդարանը յայտարարած էր, որ կը մերժէ քիւրտերուն եւ սիւննիներուն հետ Իրաքի կեդրոնական իշխանութենէն անջատ գործակցելու ամերիկեան քոնկրեսի բանաձեւը:
Միւս կողմէ, Իրանի վարչակարգի շահերու ճշդման խորհուրդի ատենապետ Մուհսեն Ռիտայի երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ ուղղակի կերպով պիտի ստանձնեն Իրաքի մասնատման հարցը, իսկ Սէուտական Արաբիան պիտի ստանձնէ Սուրիան եւ Եմէնը մասնատելու պարտականութիւնը:


