Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիներ Ստեղծելու Հարցով Տակաւին Նորութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Պիլկիչ

Մայիս 9, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թանժու Պիլկիչ
Թանժու Պիլկիչ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտնեց. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներ ստեղծելու հարցով տակաւին նորութիւն չկայ»` նշելով, որ իր երկրին այդ հարցին վերաբերեալ կեցուածքը յստակ է, եւ Թուրքիա երկար ատենէ ի վեր այդպիսի գօտիներու հաստատումը կը պահանջէ, «եւ եթէ գործադրուէր, այսօր շատ բան փոխուած կ՛ըլլար»:

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ իր կարգին անդրադարձաւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Կիւրսել Թեքինի` թրքական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ մէջ անմիջական միջամտութեան մասին յայտարարութեան` կոչ ուղղելով Թեքինին, որ իր աղբիւրները վերաքննէ:

«Կիւրսել Թեքինին իմ խրատս է կա՛մ բացայայտել իր աղբիւրը, կա՛մ ալ` վերաքննել զայն», ըսաւ Եըլտըզ:

Կիւրսել «Թարաֆ» օրաթերթին հետ 7 մայիսին հրատարակուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած էր, որ Թուրքիա յառաջիկայ 1-2 օրուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկելու ծրագիրներ ունի: Ան իր աղբիւրը որակած էր «հաւաստի» եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին կոչ ուղղած էր այդ պնդումը հերքելու:

«Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիներու Հաստատումը
Կախեալ Են Թուրքիոյ Քայլերէն»

Մինչ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմփսի 6 մայիսին Ծերակոյտի պաշտպանութեան մարզի յատկացումներու ենթայանձնախումբին յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ խորհրդակցաբար ապահովական գօտիներու ծրագիրներ որոշ ատենէ մը ի վեր պատրաստուած են, Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ անոնք կախեալ են սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը մարզելու առնչութեամբ Թուրքիոյ քայլերէն, բան մը, որ տակաւին երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութեան աղբիւր մը կը մնայ:

Զօր. Տեմփսի ըսաւ, որ ամերիկեան ուժերը կարողութիւնը ունին Սուրիոյ մէջ այդպիսի գօտի մը ստեղծելու, սակայն ատիկա «քաղաքական մեծ որոշում մըն է» եւ կը նշանակէ, որ այլուր հաստատուած ամերիկեան ուժեր այլ առաքելութեանց տրամադրելի պիտի չըլլան:

«Զինուորական գետնի վրայ գործնական է, սակայն ատիկա կատարելը նկատառելի քաղաքական որոշում պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Գործնական եւ ազդու ըլլալու համար պէտք է ատոր մէջ շրջանային գործընկերներ մասնակից դառնան»:

Փենթակոնէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած է. «Թուրքերուն հետ «մարզում եւ զինում» ծրագիրին մէջ թշնամիին վերաբերեալ տարակարծութիւններու հարցով տակաւին յառաջդիմութիւն չկայ: Մեզի համար առաջնահերթութիւնը ՏԱՀԵՇ-ն է: Թուրքերը կ՛ուզեն նախ եւ առաջ տապալել Պաշշար Ասատի վարչակարգը: Ուստի, եթէ այս հարցով փոփոխութիւն չկայ Թուրքիոյ մէջ, «մարզում եւ զինում» ծրագիրը կրնայ չսկսիլ»:

«Մենք կը փորձենք հակառակ տարակարծութեանց Սուրիոյ մէջ թուրքերուն հետ գործակցիլ: Այս գործակցութիւնը Սուրիոյ մէջ պիտի ըլլայ: Եթէ թուրքերը «մարզում եւ զինում» ծրագիրին մէջ քայլ մը առնեն` Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի հարցին մէջ կրնայ յառաջդիմութիւն մը ըլլալ», աւելցուցած է ան:

«Մենք մտահոգ ենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրայի ազդեցութեան աճով: Ասիկա ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմ մըն է, սակայն Ժապհաթ Նուսրան եւս մեզի համար ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է: Մենք հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր խմբաւորումներուն ձեռքբերումներուն նկատմամբ եւս թուրքերուն հետ տարակարծութիւններ ունինք: Անոնց հետ Սուրիոյ մէջ արմատական խմբաւորումներու ներկայացուցած վտանգին շուրջ համաձայնեցանք, սակայն գետնի վրայ կացութիւնը նոյն տեսանկիւնէն չենք գնահատեր: Տարակարծութիւններ կան», նշած է աղբիւրը:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանի Ընտրութիւններ. Պահպանողականները Յաղթական, Քամերոն Կը Վերստանձնէ Բրիտանիոյ Վարչապետի Պաշտօնը

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Համակիր Խմբաւորում Մը Կը Ռմբակոծէ Կազայի Մէջ Քասսամի Ջոկատներու Մէկ Դիրքը

RelatedPosts

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ  Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած.  «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»
Միջազգային

Փենթակոն Սուրիոյ Մէջ Թիրախներ Հարուածած Է Եւ Զգուշացուցած. «Ոչ Մէկ Խմբաւորում Անպատիժ Պիտի Մնայ»

Մարտ 25, 2023
Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու  Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»
Միջազգային

Քոպրինեց. «Ռուսիան Մտադիր Չէ Կորսնցնել Յետխորհրդային Տարածքի Տագնապներու Լուծման Գործին Մէջ Յառաջատար Դերը»

Մարտ 25, 2023
Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է  Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման
Միջազգային

Սէուտական Արաբիան Իրանէն Խնդրած Է Միջնորդել Եմէնի Ճգնաժամի Լուծման

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In