Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութեան Փոխնախագահին. Թրքական Կառավարութիւնը Յառաջիկայ Երկու Օրուան Ընթացքին Թրքական Ուժեր Սուրիա Պիտի Ուղարկէ` Ապահովական Գօտիի Ստեղծման Համար

May 8, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիւրսել Թեքին
Կիւրսել Թեքին

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Կիւրսել Թեքին թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան պիտի ձեռնարկէ: Ան այս տեղեկութիւնը վերագրեց «հաւաստի» աղբիւրի մը եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուին կոչ ուղղեց հերքելու այդ լուրը:

«Արտաքին գործոց նախարարէն կամ պրն. Տաւութօղլուէն բացատրութիւն կը պահանջեմ: Այս պնդումները հերքող յայտարարութիւն մը ընտրութիւններուն նախօրեակին երկրին մէջ մտավախութիւնները պիտի փարատէ», ըսաւ Թեքին:

Ան յիշեցուց, որ ինքն էր, որ առաջին անգամ Սուրիոյ մէջ Սիւլէյման Շահի դամբարանին մէջ թրքական զինուորական գործողութեան մասին տեղեկութիւններ բացայայտած էր: «Ամբողջ աշխարհը ականատես դարձաւ Սիւլէյման Շահի դամբարանին մէջ կատարուած գործողութեան ծաղրանքին, եւ մենք աշխատանք կը տանինք ատոր կրկնութիւնը կանխարգիլելու համար», ըսաւ ան:

«Մենք Միջին Արեւելքի, ներառեալ` Մուսուլի պարագային մասին կը կարդանք օտար մամուլին մէջ: Այս տագնապներէն որեւէ մէկուն մասնակից դառնալը Թուրքիոյ համար անդարմանելի սխալ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Թեքին` նշելով. «Կառավարութեան մէջ հակասական կարծիքներ գոյութիւն ունին»:

Կիւրսել Թեքին ըսաւ, որ ըստ հարցախոյզներու, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը անկումի մէջ է եւ այդ մէկը դարմանելու լաւագոյն ձեւը Սուրիոյ մէջ «արկածախնդրութիւն մը» կատարելն է:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը գրէ. «Վերջին շրջանին շրջանային դաշնակիցներու կողմէ զինուորական «համակարգուած» աջակցութեան շնորհիւ իրենց արձանագրած յառաջխաղացքէն քաջալերուած սուրիացի ըմբոստները Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն առաջ ապահովական գօտիներու ստեղծման համար Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը կը խնդրեն»:

Ընդդիմադիր Սուրիական ազգային համախմբումի նախագահ Խալետ Խոժա «Հիւրրիյէթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է. «Դամասկոսը պէտք է պաշարուի: Ապա անիկա յանկարծակի կերպով կրնայ տապալիլ: Նախքան տապալումը, պէտք է հաստատել ապահովական գօտիներ` իշխանութեան յառաջանալիք բացին ծայրայեղականներու կողմէ շահագործումը կանխարգիլելու համար»:

Ըստ սուրիական ընդդիմութեան պատկերացումին, ապահովական գօտիները պիտի ըլլան շրջաններ, ուր ժամանակաւոր կառավարութիւններ կրնան հաստատուիլ ծառայելու համար քաղաքացիներուն, եւ այդ շրջանները պիտի ըլլան Սուրիական ազատ բանակի ցամաքային եւ միջազգային ուժերու օդային պաշտպանութեան տակ:

Ըստ Խոժայի, ըմբոստները յառաջխաղացք արձանագրած են շնորհիւ Հիւսիսի մէջ Սուրիական ազատ բանակէն Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերուն հասած յաւելեալ զէնքի մատակարարումներուն, իսկ հարաւի մէջ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը վայելող ուժերուն հասած յաւելեալ զէնքի մատակարարումներուն:

«Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ կատարած զինուորական գործողութիւնը բացայայտեց, որ շրջանին մէջ կայ ուժ մը, որ կրնայ Իրանի ազդեցութիւնը կասեցնել: Այդ ուժը հասկցաւ, որ պէտք է Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ հետ գործակցաբար ընթանայ դէպի Սուրիոյ շուրջ համաձայնութիւն մը», աւելցուց ան:

Նախորդը

«Անկախ Քիւրտիստանի Հաստատումը Մօտալուտ Է» Կ՛ըսէ Պարզանի

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական  Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ,  Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»

March 13, 2026
Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին  Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պուսահիտի. «Իրանի Դէմ Պատերազմին Նպատակը Շրջանի Վերաձեւաւորումն Է»

March 13, 2026
Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ  Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ  Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են
Միջազգային

Փութինն Ու Ալիեւը Միջին Արեւելքի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Շուտափոյթ Դադրեցման Կողմ Արտայայտուած Են

March 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.