Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, Դամասկոսի գիւղական շրջաններ Զապատանիի, Մատայայի ու Պաքինի եւ Իտլիպի գիւղական շրջաններ Քեֆրայայի ու Ֆուհայի շրջաններուն մէջ Հըզպալլայի եւ Ահրար Շամի միջեւ գոյացած է 48 ժամուան զինադադար մը` առիթ տալու համար բանակցութիւններուն, որոնք կ՛ընթանան 2 կէտերու` Ահրար Շամի զինեալներու Զապատանիէն հեռացման արտօնման եւ Քեֆրայայի ու Ֆուհայի սննդեղէնի մատակարարման շուրջ:
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, զինադադարը երկարաձգուած է 24 ժամով` մինչեւ շաբաթ առաւօտ: