Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քըլըճտարօղլու Բացայայտած Է Տաւութօղլուի Հետ Կատարուած Բանակցութիւններուն Բովանդակութիւնը

August 15, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեմալ Քըլըճտարօղլու
Քեմալ Քըլըճտարօղլու

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորելու համար բանակցութիւններու արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ընդդիմութեան հետ բանակցութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ հիմա ոչ թէ համախոհական կառավարութիւն կազմել առաջարկած են, այլ խօսած են միայն փոխանցման կառավարութիւն ձեւաւորելու մասին:

«Տաւութօղլու մեզի երկու առաջարկ ներկայացուցած է. փոխանցման ժամանակաւոր կառավարութեան ստեղծման մէջ մասնակցութիւն եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան աջակցութիւն` փոքրամասնական կառավարութիւն ձեւաւորելու պարագային», ըսած է ան:

Քըլըճտարօղլու նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին շատ լուրջ խնդիրներ, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է չորս տարի ժամկէտով համախոհական կառավարութիւն ձեւաւորել:

«Մենք մեր կարծիքը փոխանցած ենք հակառակ կողմի ուշադրութեան: Սակայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛առաջարկէ եռամսեայ ժամկէտի մէջ լուծում միայն որոշակի հարցերու, որոշել ծրագիրը եւ արտակարգ ընտրութիւններ կատարել», յայտնած է ան:

Քըլըճտարօղլուն համոզում յայտնած է, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը վար պիտի դնէ լիազօրութիւնները, եթէ չկարենայ կառավարութիւն ձեւաւորել:

Յիշեցնենք, որ Քըլըճտարօղլուի հետ հանդիպումէն ետք, Թուրքիոյ վարչապետ Ամհեթ Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ անհրաժեշտ դարձած է Թուրքիոյ մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել: «Ընդդիմութեան հետ համախոհական կառավարութեան համար որեւէ կարելիութիւն չկայ», ըսած է ան:

Թուրք Ազգայնականները Կրկնած Են
Համախոհական Կառավարութիւն
Կազմելու Իրենց Պայմանները

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Մեւլութ Քարաքայան համախոհական կառավարութիւն ստեղծելու մասին յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է` կրկնելով, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան` հետ բանակցութիւնները անիմաստ պիտի ըլլան, եթէ վերջինս չընդունի Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած պայմանները:

Ըստ «Սէօզճիւ»-ի, Քարաքայայի խօսքով` իրենց պայմանները ընդունելու պարագային 3-5 օրերու ընթացքին կարելիութիւնը կայ համաձայնական կառավարութիւն ձեւաւորելու:

Թուրք ազգայնամոլներու ներկայացուցած պայմաններէն մէկը քիւրտերու հետ հաշտեցման  հոլովոյթի դադրեցումն է: Անոնք կը պահանջեն նաեւ կաշառակերութեան դէպքերը քննել եւ սահմանափակել նախագահ ՌեՃեփ Թայիփ Էրտողանի սահմանադրական իրաւունքները:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան ձեւաւորման համար նախատեսուած վերջին պայմանաժամը 23 օգոստոսն է:

 

Նախորդը

«Իրաքեան Հողերու Միութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Ապտելլահեան

Յաջորդը

«Թուրքիան Ինքնագլուխ Կերպով Հարուածներ Պիտի Չհասցնէ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն» Կ՛ըսէ Թոնըր

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.