Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտին` Երեք Ամիսէ՞Ն. Իրան.«Պէտք Չէ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Նման Քայլերով Շրջանի Կացութիւնը Աւելի Եւս Վատթարացնել»

Օգոստոս 14, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան
Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտին պիտի հաստատուի մօտ օրէն` երեք ամիսէն»` աւելցնելով.«Անոր մայրաքաղաքը պիտի ըլլայ Հալէպի նահանգին մէջ գտնուող սահմանամերձ Ազազ քաղաքը»:

Աղբիւրը շեշտեց, որ այդ ապահովական գօտիին ստեղծումը «թրքական ռազմավարական որոշում մըն է, որուն գործադրութիւնը իրողապէս սկսած է»:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծումը այդ երկրին միասնականութեան եւ գերիշխանութեան ոտնահարում կը նկատէ:

«Շրջանին կացութիւնը պէտք չէ Ապահովական գօտիներու ստեղծման նման քայլերու ճամբով առաւել եւս վատթարացնել», ըսաւ Ապտելլահեան:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ալիսա Սմիթ յայտնեց, որ իր երկրին կողմէ մարզուած սուրիական ընդդիմադիր զինեալներու պաշտպանութիւնը կը կատարուի որդեգրուած լայն միջոցառումներու միջոցով` նշելով.«Մենք Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ մարզուած ու զինուած սուրիական ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ մեր գործընկերը կը նկատենք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը չի ծրագրէր ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւն կատարել, թէեւ այդ ընտրանքը պէտք է մնայ սեղանի վրայ: «Ներկայիս ցամաքային գործողութեանց ծրագիր գոյութիւն չունի, սակայն ապագային պէտք է կատարել պէտք եղած որեւէ բան, ներառեալ` ցամաքային գործողութիւններ, ՏԱՀԵՇ-ին դէմ դնելու համար», ըսաւ ան:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ հերքեց, թէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն դէմ զինուորական գործողութիւն կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն ունին: «Ներկայիս Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամ սուրիացի քիւրտերուն դէմ ցամաքային գործողութիւն մը կատարելու կարելիութիւնը չենք ուսումնասիրեր», ըսաւ ան:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ թրքական Ինճիրլիք ռազմակայանէն թռիչք կատարած «Էֆ-16»-երը հարուածներ հասցուցած են Սուրիոյ մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն: Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ի, անոնք 15 յարձակումներ գործած են:

Յիշեցնենք, որ 9 օգոստոսին Փենթակոնը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ շարունակուող գործողութիւններուն ծիրին մէջ ամերիկեան օդուժին պատկանող «Էֆ-16»-եր եւ 300 հոգիէ բաղկացած անձնակազմ մը ուղարկած էր Ինճիրլիք:

 

Նախորդը

Պաղտատի Մէջ Ականուած Բեռնակառքի Մը Պայթումը Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Պատճառեց

Յաջորդը

Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութիւնները Ձախողեցան. Թուրքիա Կ’ուղղուի Դէպի Արտակարգ Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?