
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ Ինճիրլիք օդուժի ռազմակայանի օգտագործման մասին համաձայնութեան մէջ Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու մասին խօսք չկայ:
«Համաձայնութեան մէջ գլխաւոր ուշադրութիւնը կը յատկացուի թրքական ռազմակայանին, այնտեղ խօսք չկայ գօտիի մասին: Մենք համաձայնած ենք Սուրիոյ հիւսիսը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու ոչնչացման ուղղութեամբ միացեալ գործողութիւններ իրագործելու շուրջ հակազդեցութիւն ցուցաբերելու մասին», ըսած է ան:
Սակայն, «Սի.Էն.Էն.Թիւրք» յղում կատարելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին, կը յայտնէ, որ Ինճիրլիքի օգտագործման գծով երկու երկիրները համաձայնած են նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը «անվտանգութեան գօտի» ստեղծելու մասին: «Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնած են Սուրիոյ հիւսիսը «անվտանգութեան գօտի ստեղծելու» հարցին շուրջ», յայտարարած է Սինիրլիօղլու:
Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, նշեալ գօտին պիտի ունենայ 98 քիլոմեթր երկարութիւն ու 45 քիլոմեթր խորք եւ այդտեղ պարեկութիւն պիտի կատարեն Սուրիական ազատ բանակի զինեալները:
Սինիրլիօղլու նշած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի կամ ՔԱԿ-ի զինեալներու այդ գօտի ներթափանցման պարագային Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ ուժերը պիտի հարուածեն անոնց դիրքերը:
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը նախապէս յայտնած էր, որ «ՏԱՀԵՇ-էն ազատ» գօտիին մէջ կարելի է բնակեցնել տագնապէն Թուրքիա ապաստանած շուրջ երկու միլիոն սուրիացիները: Բացի ատկէ, սուրիական ընդդիմութեան ձեւաւորման յաջողութեան պարագային անոնք որոշակի առաւելութիւններ պիտի ստանան Սուրիոյ կառավարական զօրքերու դէմ պայքարին մէջ:
Նշենք, որ Թոնըր «Ռուտաու» կայքին յայտնած է, որ իր երկիրը Թուրքիոյ պիտի չարտօնէ առաջարկուած անվտանգութեան գօտիին մէջ յարձակում գործել ՔԱԿ-ի մէկ թեւը եղող քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դէմ: