
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան անցնող տարիներուն շարք մը դաւադրութեանց ենթարկուած է: Ըստ անոր, «ահաբեկչական կազմակերպութիւնները շահագործած են ընտրութիւններէն ետք ստեղծուած բացը»:
«Թուրքիոյ դէմ նիւթուող բոլոր դաւերը ձախողութեան պիտի մատնենք», շեշտեց Էրտողան` աւելցնելով. «Երկրին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող կողմեր կան»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութեան մասին պնդումները անհիմն են, որովհետեւ մեր երկիրը ՏԱՀԵՇ-ի կամ անոր հետեւորդ որեւէ խմբակի բացարձակապէս չէ աջակցած»:
«Անկասկած, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն նկատմամբ մեր կեցուածքը յստակ է»:
Խօսելով Սուրիոյ հարցին մասին` Տաւութօղլու ըսաւ. «Ներկայիս չկայ որեւէ պետութիւն, որ կ՛ուզէ իր զինուորները Սուրիա ուղարկել, ուստի պէտք է աջակցինք ու զօրավիգ կանգնինք այդտեղ, այսինքն` Սուրիոյ մէջ գտնուող չափաւորական ուժերուն»:
«Թուրքիան ձեռնածալ պիտի չմնայ իր ազգային ապահովութեան եւ շահերուն սպառնալիքին նկատմամբ եւ իր ամբողջ ուժը, ներառեալ` օդուժն ու այլ ուժերը պիտի օգտագործէ զանոնք (Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան եւ շահերուն սպառնացողները, «Ա.») պատժելու համար», յայտարարեց Տաւութօղլու: