
Ժապհաթ Նուսրան երէկ ռմբակոծեց Լաթաքիան: Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, հրթիռներէն մէկը ինկած է տեղւոյն միւֆթիին նստավայրին մօտ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ քանի մը մարդ վիրաւորուած է: Ռումբեր ինկած են նաեւ քաղաքային զբօսայգիին եւ Սլէյպա թաղամասին վրայ: Արաբական այլ աղբիւրի մը համաձայն, նախնական տեղեկութիւններով վիրաւորուած է 12 մարդ:
Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, սուրիական օդուժը ռմբակոծած է Փալմիրի մօտ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դիրքերը: Մասնաւորաբար Ճապալ Տար եւ Մուսլիս շրջանին մէջ տասնեակ մը ահաբեկիչներ սպաննուած են, իսկ անոնց փոխադրամիջոցները ոչնչացուած են:
Աղբիւրին համաձայն, Հոմսի մէջ 128 զինեալներ վար դրած են իրենց զէնքերը եւ յանձնուած իշխանութիւններուն:


