
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները համաձայնած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը միջազգային դաշինքի ծիրէն դուրս չհարուածելու Միացեալ Նահանգներու առաջարկին:
«Մենք թրքական իշխանութիւններէն խնդրած ենք ինքնագլուխ քայլերու չձեռնարկել, որովհետեւ Թուրքիան տակաւին լիովին չէ համարկուած հակաահաբեկչական միջազգային դաշինքին, որպէսզի ապահովուի դաշինքին կողմէ օդային գործողութիւններու անվտանգութիւնը», ըսած է ան:
Ըստ Թոնըրի, Ուաշինկթընն ու Անգարան կը շարունակեն աշխատիլ թրքական սահմանին մօտ ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքի վերացման ուղղութեամբ:
Յիշեցնենք, որ թրքական իշխանութիւնները յուլիսի վերջաւորութեան յայտարարած էին, որ աշխուժօրէն պիտի մասնակցին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքի օդային հարուածներուն:


