Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճեֆ Տէյվիս յայտարարեց, որ հինգշաբթի օր հիւսիսարեւելեան Սինայի թերակղզիին եգիպտական հատուածին մէջ երկու ականահարումներու պատճառով խաղաղապահ վեց զինուորներ, ներառեալ չորս ամերիկացիներ վիրաւորուած են:
Ան նշեց, որ բազմազգեան խաղաղապահ ուժին մէջ գործող զինուորները փոխադրուած են բժշկական կեդրոններ եւ անոնց վէրքերը վտանգաւոր չեն:
Բազմազգեան խաղաղապահ ուժը կը հսկէ 1979-ին Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան համաձայնութեան գործադրութեան եւ հաստատուած են Սինայի մէջ:
Իսրայէլ Եգիպտոսէն կը պահանջէ վերջ տալ անիշխանութեան, որ կը տիրէ Սինայի մէջ, ուր կը գործեն իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներ: