Միջազգային

Վերընտրուելով Արդարութիւն  Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Ղեկավար.  Տաւութօղլու Կը Խոստանայ Վերատիրանալ  Խորհրդարանական Մեծամասնութեան

Վերընտրուելով Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Ղեկավար. Տաւութօղլու Կը Խոստանայ Վերատիրանալ Խորհրդարանական Մեծամասնութեան

Շաբաթ օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 5¬րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու վերընտրուեցաւ կուսակցութեան ղեկավար: Ան նշեց, որ Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար կարիքը ունի մէկ կուսակցութենէ կազմուած կառավարութեան, եւ խոստացաւ 1 նոյեմբերին նախատեսուած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութեան ընթացքին վերատիրանալու խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութեան: Տաւութօղլու նաեւ խոստացաւ շարունակել Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ պայքարը` նշելով, որ իր...

Քրեմլին. «ՏԱՀԵՇ-ի Դիմակայման Համար  Սուրիական Կառավարութեան  Այլընտրանքը Գոյութիւն Չունի»

Քրեմլին. «ՏԱՀԵՇ-ի Դիմակայման Համար Սուրիական Կառավարութեան Այլընտրանքը Գոյութիւն Չունի»

Տմիթրի Փեսքով Մոսկուա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իր քաղաքականութեան ուղղուած քննադատութիւնները «նորութիւն չեն», եւ սուրիացի ժողովուրդին արտաքին լուծումներ պարտադրելը «անընդունելի է եւ վտանգաւոր»: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման եւ երկրին անվտանգութեան ու միութեան պահպանման համար սուրիական օրինական կառավարութեան այլընտրանքը գոյութիւն չունի»: Ան մերժեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ քաղաքականութեան ուղղուած քննադատութիւնները եւ ըսաւ, որ այդ...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Քուէարկեց  Ի Նպաստ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ  Պաղեստինի Դրօշի Բարձրացման

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Քուէարկեց Ի Նպաստ ՄԱԿ-ի Կեդրոնատեղիին Մէջ Պաղեստինի Դրօշի Բարձրացման

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը քուէարկեց ի նպաստ ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ բարձրացնելու դրօշները այն պետութիւններուն, որոնք կազմակերպութեան մէջ դէտի կարգավիճակ ունին: Ներկայիս այդ կարգավիճակը ունին Պաղեստինն ու Վատիկանը: Բանաձեւին թեր քուէարկեցին 119 երկիրներ, դէմ` 8 երկիրներ` Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Աւստրալիան, Մարշալեան կղզիները, Փալաուն, Միքրոնեզիոյ դաշնակցային նահանգներն ու Թուվալուն: 45 այլ երկիրներ մնացած են ձեռնպահ:

Օպամա. «Դիւանագիտութեան Յաղթանակ».  Ծերակոյտին Մէջ Հանրապետականները  Ձախողեցան Իրան-Վեցեակ  Համաձայնագիրը Արգելափակել

Օպամա. «Դիւանագիտութեան Յաղթանակ». Ծերակոյտին Մէջ Հանրապետականները Ձախողեցան Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը Արգելափակել

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Իրան-Վեցեակ համաձայնութիւնը մերժող բանաձեւի քննարկման ընթացքին Ծերակոյտի դեմոկրատական անդամները յաջողեցան արգելափակել Քոնկրեսին կողմէ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնագիրին մերժման մասին բանաձեւի նախագիծը: Փաստաթուղթը մերժուեցաւ ընթացակարգային քուէարկութեան հանգրուանին մէջ, երբ Ծերակոյտը պէտք էր որոշում տար այն մասին, թէ արդեօք պէ՞տք է եզրափակիչ քուէարկութիւն կատարուի բանաձեւին շուրջ: Բանաձեւին թեր քուէարկած է 42 ծերակուտական, 58...

Իրան Քննադատած Է Թուրքիոյ  Անդրսահմանային Գործողութիւնները

Իրան Քննադատած Է Թուրքիոյ Անդրսահմանային Գործողութիւնները

Մարզիյէ Աֆխամ Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիյէ Աֆխամ քննադատած է Թուրքիոյ կողմէ կատարուող անդրսահմանային գործողութիւնները: Ան դատապարտած է ՔԱԿ-ի զինեալները սեփական տարածքէն դուրս բերելէ ետք Իրաքի տարածքին մէջ թրքական ուժերուն կատարած գործողութիւնները: Աֆխամ ընդգծած է, որ հողային ամբողջականութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը խախտող որեւէ գործողութիւն աւելի կը վնասէ խնդիրին եւ պատճառ կը դառնայ, որ...

«Գաղթականներու Հոսքը Կասեցնելու Համար  Կը Մտածենք Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Զինուորական Գործողութիւն Մը  Շղթայազերծելու Մասին»  Ըսաւ Պելճիքայի Վարչապետը

«Գաղթականներու Հոսքը Կասեցնելու Համար Կը Մտածենք Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Մը Շղթայազերծելու Մասին» Ըսաւ Պելճիքայի Վարչապետը

Շարլ Միշել Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել յայտնեց, որ իր երկիրը գաղթականներու հոսքը կասեցնելու համար կը մտածէ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծելու մասին: Ան «Ֆէ.Էր.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ Պելճիքայի միջամտութիւնը պէտք է տեղի ունենայ նոյնիսկ առանց ՄԱԿ-ի աջակցութեան, «այլ իրաւաբանական միջոցներու ճամբով»: «Կա՛մ կրնանք ՄԱԿ-էն լիազօրութիւն ունենալ, կա՛մ ալ կարելի է...

Քոսովոյի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Իր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ  Մնալու Իրենց Հայրենիքին Մէջ

Քոսովոյի Արտաքին Գործոց Նախարարը Իր Քաղաքացիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Մնալու Իրենց Հայրենիքին Մէջ

Հաշեմ Թաչի Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարար Հաշեմ Թաչի յայտնեց, որ իրեն համար անհասկնալի կը մնայ իր երկրին քաղաքացիներուն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն ապաստանի դիմում ներկայացնելու երեւոյթը: Ան նշեց, որ իր երկիրը ապահով երկիր մըն է, ուր մարդու իրաւունքները կը յարգուին` աւելցնելով. «Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ապաստան փնտռելու համար ընկերային պայմաններ գոյութիւն չունին»: Թաչի իր երկրի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` մնալու իրենց հայրենիքին...

Լաւրով. «Եթէ Պէտք Ըլլայ Սուրիոյ Մէջ  Պիտի Որդեգրենք Յաւելեալ Միջոցառումներ»

Լաւրով. «Եթէ Պէտք Ըլլայ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Որդեգրենք Յաւելեալ Միջոցառումներ»

Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ «Սուրիա ուղղուող մեր օդանաւերը զինուորական սարքեր եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ կը փոխադրեն»: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց. «Եթէ պէտք ըլլայ Սուրիոյ մէջ պիտի որդեգրենք յաւելեալ միջոցառումներ: Սուրիական բանակին աջակցութիւն կը ցուցաբերենք, որովհետեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ամէնէն ազդուն է»: Նախքան Լաւրովի յայտարարութիւնը, Սպիտակ տան բանբեր Էրիք Շուլց յայտարարած էր, որ ամերիկեան իշխանութիւնները...

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանի Մէջ  Մարդու Իրաւունքներու Վիճակը  Դատապարտող Բանաձեւ Որդեգրեց

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Վիճակը Դատապարտող Բանաձեւ Որդեգրեց

Եւրոպական խորհրդարանը երէկ մարդու իրաւունքները խախտող ազրպէյճանցի պետական պաշտօնատարներուն դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու կոչ ուղղող բանաձեւ մը որդեգրեց: Բանաձեւին թեր քուէարկեցին նիստին մասնակից երեսփոխաններէն 365-ը, դէմ` 202-ը, իսկ ձեռնպահ` 72-ը: Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Ազրպէյճանի մէջ ճնշումներու եւ ձերբակալուած իրաւապաշտպաններու եւ լրագրողներու թիւը կ՛աճի: Բանաձեւը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղէ չեղեալ յայտարարելու ԵԱՀԿ-ի Պաքուի...

Ազրպէյճանի Վարչակարգը  Դատ Պիտի Բանայ «Ֆրանս 2»-ի Դէմ

Ազրպէյճանի Վարչակարգը Դատ Պիտի Բանայ «Ֆրանս 2»-ի Դէմ

Էլիզ Լիւսեթ «Նոյեան Տապան»-ի ֆրանսերէն կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի փաստաբան Օլիվիէ Փարտօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարած է, թէ Ազրպէյճան դատ պիտի բանայ «Ֆրանս 2»-ի եւ վերջինիս լրագրող Էլիզ Լիւսեթի դէմ «Քաշ Ինվեսթիկասիոն»-ի վերջին յայտագիրի հեռարձակման լոյսին տակ: Ազրպէյճան դժգոհ է, որ յայտագիրը Ազրպէյճանը ներկայացուցած է իբրեւ «բռնատիրութիւն», իսկ անոր ղեկավարը` իբրեւ «բռնատէր»: «Ես չեմ ճանչնար Եւրոպական խորհուրդին անդամ բռնատիրութիւն...

Համընտ. «Փոխանցման Հանգրուանի Մը Համար Ասատի  Մնալը Կ՛ընդունինք, Եթէ Այդ Մէկը  Կը Նպաստէ Սուրիական Տագնապին Լուծման»

Համընտ. «Փոխանցման Հանգրուանի Մը Համար Ասատի Մնալը Կ՛ընդունինք, Եթէ Այդ Մէկը Կը Նպաստէ Սուրիական Տագնապին Լուծման»

Ֆիլիփ Համընտ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ տագնապը վերջ պիտի չգտնէ, մինչեւ որ ռուսական եւ իրանեան իշխանութիւնները տագնապին քաղաքական լուծման հասնելու համար ճնշում բանեցնեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ»: Բրիտանական դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Բրիտանական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ Ասատի մեկնումը կ՛ուզեն, սակայն կրնան փոխանցման հանգրուանի մը համար անոր մնալը ընդունիլ, եթէ ատիկա կը նպաստէ տագնապի լուծման»:

Տարբեր Քաղաքներու Մէջ  Թուրք-Քիւրտ Բախումներ.  Քիւրտերը Կը Հեռանան Անգարայէն

Տարբեր Քաղաքներու Մէջ Թուրք-Քիւրտ Բախումներ. Քիւրտերը Կը Հեռանան Անգարայէն

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ թրքական զինեալ ուժերու միջեւ զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն կողմէ իրագործուող քարոզչութիւնը յանգեցուցած են Թուրքիոյ մէջ հակաքրտական շարժումի յառաջացման: Թրքական «Վաթան» օրաթերթը հաղորդած է, որ Կորճայքի Տաղլըճա շրջանին մէջ 16 թուրք զինուորներու սպանութեան հարցով Այնթապի մէջ երեքշաբթի օր իշխանութիւններուն կողմէ հրահրուած հակաքրտական բողոքի գործողութիւնը վերածուած է քիւրտերու հետ բախումի: Այնթապի մէջ...

Մոսկուա. «Եթէ Պէտք Ըլլայ Սուրիոյ Մէջ  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Համար Յաւելեալ  Զինուորական Միջոցառումներ Կ՛որդեգրենք»

Մոսկուա. «Եթէ Պէտք Ըլլայ Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Համար Յաւելեալ Զինուորական Միջոցառումներ Կ՛որդեգրենք»

Մարիա Զախարովա Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ եթէ պէտք ըլլայ իր երկիրը կրնայ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար յաւելեալ զինուորական միջոցառումներ որդեգրել: «Սուրիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը կը շարունակուի, եւ այդտեղ սուրիացիները մարզելու համար ռուս զինուորական մասնագէտներ կան», ըսաւ Զախարովա` աւելցնելով. «Սուրիոյ հետ զինուորական համագործակցութեան շուրջ արհեստական արշաւը զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ այդ գործակցութիւնը գաղտնի չենք...

Սպանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ  Վարչակարգին Հետ Բանակցելու

Սպանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Վարչակարգին Հետ Բանակցելու

Մարկալլօ եւ Ռուհանի Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուել Կարսիա Մարկալլօ երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ: Ան Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Ժամանակը հասած է ձեռնարկելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ բանակցութիւններու` արգելք հանդիսանալու համար, որ ՏԱՀԵՇ այդտեղ տեղի ունեցող պատերազմը օգտագործէ գետնի...

«Բրիտանիա Օգոստոսի Վերջաւորութեան  Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Իր Առաջին Յարձակումը Կատարեց»  Կ՛ըսէ Քամերոն

«Բրիտանիա Օգոստոսի Վերջաւորութեան Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Իր Առաջին Յարձակումը Կատարեց» Կ՛ըսէ Քամերոն

Տէյվիտ Քամերոն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Բրիտանիոյ խորհդրարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ բրիտանական անօդաչու թռչող սարքեր Սուրիոյ մէջ յարձակում գործելով սպաննած են բրիտանացի ժիհատական մը, որ Բրիտանիոյ մէջ յարձակումներ կը ծրագրէր` աւելցնելով.«Այդ յարձակումը կը նկատուի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ առաջինը եւ տեղի ունեցաւ օգոստոսի վերջաւորութեան ու անօդաչու թռչող սարքով: Յարձակումին պատճառով սպաննուեցան երեք ժիհատականներ, որոնցմէ երկուքը` բրիտանացիներ»`...

Տեմիրթաշ.«Տաւութօղլուն  Մանկասպան Է»

Տեմիրթաշ.«Տաւութօղլուն Մանկասպան Է»

Սելահաթթին Տեմիրթաշ «ՏեմոքրաթՀապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ յայտարարած է, որ դարձեալ երկրին մէջ միանձնեայ իշխանութիւն հաստատելու համար Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մահուան կը դատապարտէ երկրին զինուորները, ոստիկանները եւ քիւրտ երիտասարդները: «Ճիզրէի մէջ երեխաներ կը սպաննուին, եւ չեն արտօներ զանոնք յուղարկաւորել: Կ՛ուզեմ յիշեցնել Տաւութօղլուին, դուք երեխաներու մարդասպան էք, պատմութեան մէջ պիտի մնաք իբրեւ երեխաներու յուղարկաւորութիւնը...

«Լիբանանի Վիճակը Նուրբ Է  Եւ Չի Կրնար Գաղթականներու Բեռը Տանիլ»  Կ՛ըսէ Հոլլանտ

«Լիբանանի Վիճակը Նուրբ Է Եւ Չի Կրնար Գաղթականներու Բեռը Տանիլ» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

Ֆրանսուա Հոլլանտ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ահաբեկչութեան զոհերու եւ փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան 1,5 միլիոն տեղահանուած կը հիւրընկալէ եւ այլեւս անկարող է վերցնել այդ բեռը, մասնաւորաբար իր ներքին հարցերուն լոյսին տակ` նշելով. «Լիբանանի վիճակը նուրբ է, եւ երկիրը կը փորձէ համակեցութիւնը պահպանել հակառակ իր սահմանին մօտ արձանագրուող ոճիրներուն»: Ան նշեց, որ Լիբանանի պէտք...

Էրտողան. «Թուրքիոյ Համար Գլխաւոր  Սպառնալիքը Ոչ Թէ ՏԱՀԵՇ-ն Է, Այլ` ՔԱԿ-ը»

Էրտողան. «Թուրքիոյ Համար Գլխաւոր Սպառնալիքը Ոչ Թէ ՏԱՀԵՇ-ն Է, Այլ` ՔԱԿ-ը»

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ ինք իր երկրին համար գլխաւոր սպառնալիքը ՏԱՀԵՇ-էն աւելի ՔԱԿ-ը կը նկատէ: Ան դժգոհած է, որ Արեւմուտքը Թուրքիան «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ձգած է մինակ»: «Թուրքիոյ համար թիւ մէկ սպառնալիքը ՔԱԿ-ն է: ՏԱՀԵՇ-ը Թուրքիոյ համար իբրեւ սպառնալիք երկրորդ դիրքի վրայ է», ըսած է ան եւ ՏԱՀԵՇ-ին...

Հոլլանտ. «Ֆրանսան Այսօրուընէ Սկսեալ  Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Դային Հարուածներուն»

Հոլլանտ. «Ֆրանսան Այսօրուընէ Սկսեալ Պիտի Մասնակցի Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Դային Հարուածներուն»

Ֆրանսուա Հոլլանտ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք Լիբանան իր այցելութեան ծիրին մէջ պիտի այցելէ «գաղթականներու ճամբար»: «Ապաստանելու իրաւունքը Ֆրանսայի մէջ հիմնական սկզբունք մըն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ֆրանսա յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին 24 հազար գաղթական պիտի ընդունի»: «Պէտք է տագնապի շրջաններէ փախուստ տուած գաղթականներու օժանդակութեան պատասխանատուութեան տէր կանգնինք», ըսաւ ան: «Անհրաժեշտ է հակակշիռի տակ առնել...

ՔԱԿ Սպաննած Է 31 Թուրք Զինուոր

ՔԱԿ Սպաննած Է 31 Թուրք Զինուոր

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարեց, որ կիրակի օր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած բախումներուն եւ իր զինեալներուն կատարած յարձակումին ընթացքին սպաննած է 31 թուրք զինուոր: ՔԱԿ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ Թուրքիոյ բանակին պատկանող զրահապատ մեքենաներու դէմ ականներ պայթեցնելով սպաննած է 15 թուրք զինուոր: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու այդ յարձակումէն անմիջապէս ետք Անգարայի մէջ...

Page 832 of 882 1 … 831 832 833 … 882

Արխիւներ