Տաճիկիստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երկրին մայրաքաղաք Տուշանպէի եւ անոր արուարձաններուն մէջ ոստիկանութեան եւ զինեալներու միջեւ բուռն բախումներու պատճառով արձանագրուած է 17 զոհ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ մայրաքաղաքին մօտիկ Ուահտաթ գիւղին մէջ ներքին գործոց նախարարութեան պատկանող շէնքի մը մէջ բախումներու պատճառով սպաննուած են 8 ոստիկաններ եւ 9 զինեալներ:
Տաճիկիստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը ահաբեկչական խմբաւորումներ ամբաստանեց յարձակումներ շղթայազերծելու յանցանքով` նշելով, որ բախումներու ընթացքին ոստիկանները գրաւած են զէնքեր ու զինամթերք: